Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ կ՝ընդունի Չիլէի մէջ սեռային բռնաբարումի թիրախ զոհերու խումբ մը

Չիլէի մէջ սեռային շահագործումի քստմնելի եւ ցաւալի արարքներուն ի տես, Ֆրանչիսկոս պապ բազմիցս անգամ խնդրած է աղօթքով զօրակցիլ Չիլէի ժողովուրդին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

2 յունիս 2018-իմ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցեց սուրբ պատարագ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Չիլէի մէջ սեռային բռնաբարումի թիրախ կարգ մը զոհեր, որոնք Հռոմ ժամանած են հանդիպում ունենալու համար Ֆրանչիսկոս Պապին հետ:

Այս առընչութեամբ նշենք թէ վերջերս  Չիլէի ժողովուրդին յղած նամակի մը մէջ Նորին Սրբութիւնը  յայտնած է թէ «եկեղեցին չի կրնար յառաջ ընթանալ անտեսելով տառապողներուն ցաւը» ու բացայայտած է թէ « վերատեսումի եւ բիւրեղացումի գործընթացը կարելի եղած է շնորհիւ հաստատակամ եւ պարտաճանաչ մարդոց ջանքերուն, որոնք նոյնիսկ յուսալքումի եւ վարկաբեկումի արարքներուն դիմաց, երբեք չվհատեցան որոնելու ճշմարտութիւնը:

Յայտնենք, թէ Չիլէի մէջ սեռային շահագործումի քստմնելի եւ ցաւալի արարքներուն ի տես, Ֆրանչիսկոս Պապ բազմիցս անգամ խնդրած է աղօթքով զօրակցիլ Չիլէի ժողովուրդին:
Չիլէի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը՝ ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքին, հաղորդագրութեամբ մը հրաւիրած են հաւատացեալներուն խոկալու եւ գործի լծուելու՝ շրջանցելու ու յաղթահարելու համար բռնաբարումի եւ շահագործումի մշակոյթը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/06/2018, 11:18