Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում ունեցաւ աւելի քան 500 փոքր աշկերտներու հետ

Յիշեցէք ձեր առաջին ուսուցիչները, անոնք արմատներն են որոնք պիտի պտղաբերեն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 9 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Պօղոս Զ. դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ աւելի քան 500 փոքր աշկերտներու հետ, որոնք ժամանած էին Հռոմի, Միլանոյի, Կալլրաթեզեյի, Քորվեթթոյի, Պարոնայի եւ Փատովայի արուարձաններէն «մանուկներու շոգեկառքով»։ Նախաձեռնութեամբ «Ժողովուրդներու Գաւիթ» հաստատութեան եւ Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի։

Սրբազան Պապը ըսաւ՝ «երբեք մի մոռնաք ձեր առաջին ուսուցիչները, երբեք մի մոռնաք դպրոցը. որովհետեւ անոնք ձեր մշակոյթի արմատներն են։ Արմատախիլ մի ըլլաք, որովհետեւ արմատներ ունենալը կʼօգնէ մեզի ծաղկելու եւ պտղաբերելու։»

Սրբազան Հայրը հանդիպումի ընթացքին պատասխանեց կաթողիկէ ինչպէս նաեւ օրթոտոքս, իսլամ, պուտտիստ եւ անաստուած աշակերտներու հարցումներուն։ Ան յիշեց Սթելլան, որ եղած էր իր առաջին ուսուցչուհին՝ առաջին եւ երրորդ դասարաններուն մէջ։ «Ան շատ լաւ ուսուցչուհի էր, մեզի սորվեցուց գրել եւ կարդալ։ Ապա, երբ դպրոցէն հեռացայ, միշտ յիշեցի զայն, որովհետեւ յիշել առաջին ուսուցչուհին կամ ուսուցիչը շատ կարեւոր է, որովհետեւ ան է որ առաջինն ըլլալով մեր քայլերը կʼուղղէ կեանքի մէջ։ Աւելի ուշ ես կը հեռաձայնէի ուսուցչուհիիս երբ արդէն պատանի էի եւ ապա իբր քահանայ։ Ապա իբր եպիսկոպոս անոր օգնեցի իր հիւանդութեան ժամանակ։ Ան մահացաւ 94ամեայ հասակին։ Ես անոր հետեւեցայ միշտ։ Այդ յիշատակը երբեք պիտի չմոռնամ։»

Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց աշակերտներուն անոնց հարցումներուն համար եւ աւելցուց՝ «շնորհակալութիւն նուէրներուն համար, որոնք դուք պատրաստած էք. անոնք հրաշալի բաներ են, որովհետեւ դուք զանոնք չէք գնած պարզապէս նուէր մը բերելու համար, այլ դուք անձամբ պատրաստած էք։ Սա կարեւոր է որովհետեւ զանոնք պատրաստած էք ճարտարամիտ կերպով, ձեր ձեռքերով, ինչպէս նաեւ ձեր սրտով։ Եւ երբ բան մը կը պատրաստուի այս երեք բաներով՝ ճարտարամտութեամբ, սրտով եւ ձեռքերով՝ խորապէս մարդկային բան մըն է։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2018, 10:08