Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  

ֆրանչիսկոս Պապ «Պէտք չէ երբեք մոռնալ ողջակիզումի անասելի տառապանքը

Պէտք չէ երբեք դադրիլ դաժանելի բռնութեան յիշատակը ոգեկոչելէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

9-էն -10 յունիս 2018-ին,Պերլինի մէջ յատուկ տօնակատարութիւններով նշուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Նէոքաթուքեմինալ շարժումին 40 ամեակը:

Յիշեալ ձեռնակներուն ծիրէն ներս մատուցուեցաւ գոհաբանական Սուրբ Պատարագ ապ Պերլինի Ֆիլարմօնիայի դահլիճին մէջ ներկայացուեցաւ Քիքօ Արկուելլոին «անմեղներուն տառապանք» համերգը:

Այս առթիւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիր յղեց Պերլինի թեմի արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Հեյներ Քոխին, որուն մէջ ծիրանաւորը կը գրէ թէ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ ուրախութեամբ իմացած է Պերլինի մէջ ներկայացուած յիշեալ համերգի լուրը եւ Ան իր յատուկ ողջոյնները կը փոխանցէ համերգի բոլորի մասնակիցներուն:

Շնորհաւորագրին մէջ կարդինալ Փարոլին կը գրէ թէ վերոյիշեալ համերգը արմատ ունի աւանդութեան մէջ եւ ներշնչուած Սուրբ գիրքին ողբերէն որ կը յիշատակէ ողջակիզումի անթիւ զոհերը:

Ան կը շեշտէ, թէ երբեք պէտք չէ դադրիլ ոգեկոչելէ դաժան բռնութեան յիշատակը, ժողովուրդի մը անասելի ցաւն ու բնաջնջումը, այլ պէտք է բոլորին համար համարուի յարատեւ ազդարարութիւն՝ հաշտութեան, փոխադարձ հասկացողութեան, սիրոյ յանձնառումի մը՝ մեր մեծ եղբայրներուն՝ հրեաներու նկատմամբ, միեւնոյն ժամանակ ըլլայ կեանք մը նուիրուած տառապողներուն, թշուառներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ այս դիտաւորութեամբ կը միանայ համերգի մասնակիցներուն եւ բոլորին համար կը հայցէ Ողորմած Աստուծոյ օրհնութիւնը: Գրած Է Վատիկանի Պետական Քարտուղարը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2018, 13:49