Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Լեզւոս կղզի այցելութեան ժամանակ Ֆրանչիսկոս Պապ Լեզւոս կղզի այցելութեան ժամանակ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը բնապահպանութեան մասին գումարուած վեհաժողովի մասնակիցներուն:

Արարչագործութիւնը պարգեւ մըն է եւ ոչ թէ սեփականութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

5-էն- 8 յունիս 2018-ին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ ընթացք առաւ բնապահպանութեան մասին «դէպի աւելի կանաչ Ատտիկէ, պահպանել երկրագունդն ու ժողովուրդը» խորագիրով վեհաժողովը, մասնակցութեամբ բարձրաստիճան եկեղեցական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններուն, որոնց շարքին Բարթողոմէոս Ա Տիեզերական Պատրիարքն ու Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ՝ Ապուժա թեմի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ժոն Օլորունֆերմի, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, որ ընթերցեց Ֆրանչիսկոս Պապին վեհաժողովի մասնակիցներուն յղած պատգամը, ունենալով որպէս խորագիր «Միջերկրականը- այսպէս գեղեցիկ ծով մը, որ այր մարդոց եւ կիներու համար գերեզման դարձաւ»

Ունկդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւն կը գրէ թէ ինք անձամբ ականատես եղած է Յոյն ժողովուրդի վեհանձն հոգիին, որոնք լի են մարդկային ու քրիստոնէական արժէքներու հարստութիւններով ինչպէս նաեւ Յոյն ժողովուրդին յանձնառումը՝ մխիթարելու բոլոր անոնք որոնք զերծ մնացած են նիւթական բարիքներէն եւ ուղղուած են դէպի իրենց ցամաքամասերը՝ հակառակ որ Յունաստանի տնտեսական տագնապի հետեւանքներուն:

Ֆրանչիկոս Պապ դիտել կու տայ, որ Լեզվոս կղզիի մէջ իր ապրած հակասական ողբերգութիւնները օգնած են հասկնալու վեհաժողովին նիւթին կարեւորութիւնը ու այս ուղղութեամբ կը հաստատէ թէ ոչ միայն կործանած են խոցելի անձերուն բնակարանները՝ գաղթի եւ կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, այլեւ ինչպէս ինք գրած է «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին մէջ դատապարտուած են նաեւ ապագայ սերունդները՝ ապրելով հասարակաց տամ մը մէջ որ աւերակի վերածուած է» : Նորին Սրբութիւնը դարձեալ հարց տալով թէ ինչպիսի աշխարհ կը փափաքինք փոխանցել բոլոր անոնց որոնք մեզմէ վերջ պիտի գան, կը հրաւիրէ խղճի լուրջ քննութիւն կատարել՝ բնապահպանութեան ներկայ տագնապի շուրջ:

Ան կ՝ընդգծէ, որ արարչագործութեան խնամքը՝ հասկցուած որպէս կիսուած պարգեւ եւ ոչ թէ սեփական պատկանելիութիւն, կ՝ենթադրէ իւրաքանչիւր անձի եւ իւրաքանչիւր ժողովուրդին իրաւունքներուն ճանաչումը՛, բնապահպանութեան տագնապը նկատելով մարդու սրտին մէջ արմատացած տագնապ, որ կը ձգտի իր հակակշիռին տակ առնել ու շահագործել երկրագունդի սահմանափակ աղբիւրները, անտեսելով մարդկային ընտանիքի ամէնէն շատ խոցելի անդամները:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով անցեալ տարի մէկ սեպտեմբերին նշուած՝ արարչագործութեան միջազգային համաշխարհային օրուան առիթով, Բարթողոմէոս Բ պատրիարքին հետ գրած իր պատգամին կը շեշտէ արարչագործութեան հանդէպ խնամքի պարտականութիւնը, զայն մարտահրաւէր նկատելով բոլոր բարի կամք ունեցող անձերուն համար ու հրաւիրելով քրիստոնեաները ճանչնալու բնապահպանութեան հոգեւոր արմատները եւ գործակցելու աներկդիմի պատասխան գտնելու գործընթացին, դիտել տալով նաեւ որ արարչագործութեան համար համաշխարհային աղօթքի օրը քայլ մըն է այդ ուղղութեամբ, որովհետեւ անիկա ցոյց կու տայ մեր հասարակաց մտահոգութիւնը եւ ձգտումը՝ միասնաբար աշխատելու ու դիմագրաւելու այդ բնապահպանութեան նուրբ հարցերը:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին աւարտին կը վերահաստատէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վճռակամ կամքը՝ Նորին Օծութիւն Տիեզերական պատրիարքին հետ միասնաբար ընթանալու համամիութենական երկար ուղիին վրայէն, միաժամանակ յոյս յայտնելով որ կաթողիկէներն ու օրթոտոքսները, այլ քրիստոնեայ հասարակութեան հաւատացեալներու եւ բարի կամք ունեցող մարդոց հետ միասին կարենան աշխատիլ՝ տեղական մակարդակի վրայ. արարչագործութեան խնամքի ի սպաս ինչպէս նաեւ համապարփակ եւ զօրակցական զարգացումին համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/06/2018, 10:07