Որոնել

Աստղադիտարան Աստղադիտարան 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը աստղագիտութեան դասընթացքին մասնակիցներուն

Հաւատքի նայուացքով նաեւ ուսումնասիրել Տիեզերքը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յունիս 14-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Վատիկանի աստղադիտարանին կողմէ կազմակերպուած աստղագիտութեան ամառնային դասընթացքին հետեւողները ու այս առթիւ անոնց արտասանած պատգամին մէջ անդրադարձաւ յիշեալ դասընթացքի մասնակցող աշակերտներուն տարբեր մշակոյթներուն եւ ազգային պատկանելիութեան, ինչպէս նաեւ անոնց տարբեր մասնագիտութիւններուն, յայտնելով որ «բազմազանութիւնը կարող է բոլորս միացնել ուսումնասիրութեան հասարակաց նպատակին համար», ու դիտել տալով, որ աշխատանքի մը յաջողութիւնը կախեալ է այս բազմազանութենէն, որովհետեւ զանազան երկիրներու տարբեր անձերու միջեւ համագործակցութենէն է որ կը բխի մեր Տիեզերքի նկատմամբ հասարակաց հասկացողութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ այս տարուան աստղագիտութեան դասընթացքի նիւթին, որ կը հայի փոփոխական աստղերուն՝ հիմնուած աստղագիտական նոր հետազօտական արդիւնքներու վրայ, նշելով թէ այդ արդիւնքները պտուղն են անթիւ ազգերու համագործակցութեան ջանքերուն եւ գիտնականներուն հասարակաց աշխատանքին , շեշտը դնելով հասարակաց եւ խմբային աշխատանքի կարեւորութեան վրայ որ կարող է իմաստաւորել այս նորանոր տեղեկատուութիւնները:

Նորին Սրութիւնը անդրադարձաւ Տիեզերքի անհունութեան, յայտնելով թէ, որպէս գիտնականներ եւ որպէս հաւատացեալներ միշտ պէտք ենք  ընդունիլ որ  շատ բաներէ տեղեակ չենք ու թէ պէտք չէ վախնալ նոր բաներ սորվելէ։

ֆրանչիսհոս Պապ յայտնեց թէ որպէս մարդկային էակներ օժտուած ենք բանականութեամբ եւ մտածողութեամբ : Անձեր ենք նաեւ որ ունինք հետաքրքրութեան իմաստը որ մեզ կը մղէ աւելի գիտնալու, արարածներ որ կ՝աշխատինք աւելի սովրելու եւ բաժնեկցելու այն ինչ որ սորվեցանք :

Անձեր ենք որ կը սիրենք ինչ որ կը կատարենք եւ  Տիեզերքի սիրոյն համար կը բացայայտենք այն աստուածային սիրոյ համը, որ արարչագործութիւնը ամբոջացնելէ ետք յայտարարեց,  որ ամէն ինչ բարի է ,  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց  յիշելով Իտալացի գրագէտ Տանդէէն խօսք մը  «սէրն է որ կը շարժէ արեւն ու աստղերը» ապա ներկաներուն մաղթեց որ իրենց աշխատանքները ոգեւորուին՝ «սէրէն», ճշշամարտութեան սէրէն ու տիեզերքի եւ իւրաքանչիւրին նկատմամբ սէրէն, միասնաբար աշխատելով տարբերութիւններու մէջ ըսաւ Սրբազան Պապը ու բոլորին վրայ հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 12:30