Որոնել

Միջազգային տիեզերական կայանի անձնակազմը Սրբազան Պապին մօտ

Երկրագունդը դիտուած անջրպետէն, ցոյց կու տայ երկրագունդ մը առանց սահմաններու, «առանց բախումներու»։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յունիս 8ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Միջազգային Տիեզերական Կայանի (ՄՏԿ) 53րդ արշաւի աստղանաւորդներուն եւ ուղիղ կապով միացաւ ՄՏԿի մէջ գտնուող աստղանաւորդներուն։ Այս առիթով իտալացի աստղանաւորդ Փաոլօ Ա. Նեսփոլի Սրբազան Պապին նուիրեց աստղանաւորդներու կապոյտ տարազը, որ կը կրէ Արկենթինայի դրօշը, քահանայապետական զինանշանը, եւ Սրբազան Պապի անունը։ Տարազին կից սրբազան Պապին յանձնուեցաւ նաեւ սպիտակ վերարկու մը։ Փաոլօ Նեսփոլի եւ այլ չորս աստղանաւորդներ, որոնք մասնակցած էին ՄՏԿի արշաւներուն, վերադարձած էին երկիր նախորդ տարւոյն դեկտեմբերին եւ տարւոյս փետրուարին։
ՄՏԿի 53րդ արշաւի պատուիրակութեան մաս կազմեցին Հրամանատար Ռանտի Պրեսնիք (Ֆորթ Նոքս, Քենթաքի), Ճո Աքապա (Ինկլուուտ, Քալիֆորնիա), Մարք Վանտ Հէյ (Ֆոլզ Չըրչ, Վիրճինիա), Սերկէյ Ռյազանսքի (Մոսկուա), եւ քանի մը ընտանեկան պարագաներ։ Անոնք նախորդ տարւոյն հոկտեմբերին ՄՏԿէն կապ հաստատած էին Ֆրանչիսկոս Պապին հետ, եւ ապա խնդրած էին անձամբ հանդիպիլ Սրբազան Հօր։
Պրեսնիք, որ կը պատկանի Մկրտչական Եկեղեցւոյ, յիշելով Սրբազան Պապի հետ ունեցած հոկտեմբերի խօսակցութիւնը, ըսած է թէ «հետաքրքրական էր տեսնել մեր անձնակազմին մէջ կաթողիկէներ եւ Արեւելեան Ուղղափառ հաւատացեալներ, բոլորն ալ լիցքաւորուած քահանայապետի հետ խօսելու առիթով։» Հրաշալի բան մըն էր Սրբազան Պապին ըսել, թէ ինչպէս է «Աստուծոյ արարչութիւնը ՄՏԿի տեսանկիւնէն, որքան գեղեցիկ է ան եւ դիւրաբեկ»։ Երկրագունդը դիտուած անջրպետէն, ցոյց կու տայ երկրագունդ մը առանց սահմաններու, «առանց բախումներու»։ «Կը տեսնենք միայն այն բարակ մթնոլորտը որ այս մոլորակի վրայ կը ներկայացնէ տարբերութիւնը կեանքի եւ մահուան միջեւ»։
Պրեսնիք աւելցուցած է՝ թէ երկրագունդի այդ տեսքը կը յուզէ մարդոց հոգին։ «Կը կարծեմ թէ ոչ ոք կը վերադառնայ առանց գերագոյն էակի մը գիտակցելու։ Շատեր կը վերադառնան մտածելով՝ Աստուած հրաշալի գործ մը կատարած է։»
Երբ Պրեսնիքի հարց տրուած է թէ արդեօք զարմացա՞ծ էր թէ անձնակազմի մէջ այդքան շատ հաւատացեալ անձեր կային, եւ թէ ինչպէս հաւատքը կը յարմարի իրենց աշխատանքին եւ գիտութեան դաշտին, ան պատասխանած է՝ «այնպէս կʼերեւի, թէ որքան աւելի մենք գիտութեան մէջ կը խորանանք, այնքան աւելի կը զօրանայ մեր հաւատքը, որովհետեւ ան ցոյց կու տայ թէ մենք ինչ չենք գիտեր։»
Պրեսնիքի 12-ամեայ որդին՝ Ուիաթ, ցոյց տուած է լրագրողներուն իր Աստուածաշունչը։ Հայրը այդ Աստուածաշունչը միասին տարած էր ՄՏԿի իր արշաւին ժամանակ եւ քահանայապետը իր ստորագրութիւնը դրած էր այդ Աստուածաշունչին մէջ ունկնդրութեան ժամանակ։
Աքապա կը հաւատայ, թէ կարեւոր է միջազգային համագործակցութիւնը, եւ ՄՏԿն կրնայ օգնել մարդկութեան՝ խաղաղութեան հետապնդման մէջ։ Վերադառնալով աշխարհ, ըսած է ան, «միշտ կը գտնուիս քաղաղականութեան դիմաց, մինչ տիեզերական կայանը կարեւոր է շատ մը երկիրներու համար, որպէս զի բոլորս սորվինք միասնաբար աշխատիլ յառաջ տանելու այս ծրագիրը։ Կը կարծեմ թէ եթէ մենք յաջողինք համագործակցութիւնը ամուր պահել այդ տիեզերական կայանի համար, դա օրինակ մը պիտի ըլլայ թէ մենք այլ կարեւոր բաներու մէջ ալ կրնանք համագործակցիլ։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2018, 10:13