Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին բարեմաղթութիւնները ֆութպոլի համաշխարհային խաղերուն առթիւ։

Այս մարզական ցոյցը առիթ ըլլայ մշակոյթներու միջեւ երկխօսութեան ու եղբայրութեան

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 13 յունիս, 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, ի տես Ֆութպոլի համաշխարհային խաղերուն բացումին Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց ըսելով

«Վաղը բացումը պիտի կատարուի Ռուսիոյ մէջ Ֆութպոլի համաշխարհային խաղերուն:

Կը փափաքիմ իմ յարգալիր ողջոյնս ուղղել խաղցողներուն, կազմակերպիչներուն ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց որոնք ընկերային հաղորդամիջոցներուն միջոցաւ պիտի հետեւին այս ձեռնարկին, որ կը գերազանցէ ամէն սահման»:

«Թող որ այս կարեւոր մարզական ցոյցը՝ առիթ դառնայ մշակոյթներու, տարբեր կրօններու միջեւ երկխօսութեան ու եղբայրութեան հանդիպումի նպաստելով ազգերու միջեւ աջակցութեան ու խաղաղութեան»: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ կոչին աւարտին»:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2018, 11:28