Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 Յունիսի Մարեմեան աղօթքը:

Աղարտել ուրիշներու համբաւը մահացու թոյն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի 10 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումին վրայ քաղուած Մարկոս աւետարանիչէն (Մարկ 3 25- 30):

Սրբազան քահանայապետը խորհրդածութեան սկիզբը ըսաւ « Այսօրուան Աւետարանի դրուագը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս Յիսուս հակառակութեան կը հանդիպի դպիրներու եւ նոյնիսկ ընտանեկան պարագաներու կողմէ։ Դպիրներէն ոմանք ուղարկուած էին Երուսաղեմէն դէպի Գալիլիա վարկաբեկելու համար Յիսուսը։ Յիսուս շատ հիւանդներ կը բուժէր։ Դպիրները կ՚ուզէին համոզել ժողովուրդը, թէ այդ հրաշքները կը կատարուէին չարին կամ դեւերու իշխանին օգնութեամբ։ Յիսուս կը պատասխանէ ուժեղ եւ յստակ խօսքերով։ Դպիրները կ՚իյնային ամենէն ծանր մեղքին մէջ, անոնք կ՚ուրանային եւ կը մերժէին տեսնել Աստուծոյ սէրը Քրիստոսի գործերուն մէջ։ Սա Սուրբ Հոգիին դէմ գործուած մեղք է՝ փակել սիրտը Աստուծոյ ողորմածութեան դիմաց։

Նորին Սրբութիւն ապա շեշտեց « Աւետարանի այս պատգամը յանդիմանութիւն է բոլորիս։ Տեսնելով ուրիշներու բարի գործերը ուժեղ նախանձ մը կը դրդէ մեզ մեղադրելու զանոնք։ Աղարտել ուրիշներու համբաւը մահացու թոյն է, ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա անդրադառնալով Յիսուսի մօր եւ ազգականներուն մասին յարեց.

Այսօրուան աւետարանի երկրորդ պատկերին մէջ կը տեսնենք Յիսուսի մայրը եւ ազգականները։ Այս պարագային Յիսուսի խօսքերը շատ խիստ կը հնչեն։ Սակայն այդ յարգանքի պակաս չեն մօր եւ ընտանեկան պարագաներուն հանդէպ։ Այլ՝ ընդհակառակը Յիսուս երախտապարտ է Մարիամին , որովհետեւ Ան կատարեալ առաքեալն է, որ ամբողջութեամբ հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին: Նորին Սրբութիւն ապա Սուրբ կոյս Մարիամէն հայցեց որ օգնէ մեզի միշտ հաղորդութեան մէջ ապրելու Յիսուսի հետ, ճանչնալուվ Սուրբ Հոգիին գործերը, որ կը ներգործէ Յիսուսի եւ եկեղեցւոյ մէջ , աշխարհը նոր կեանքի վերածնելով:

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ դարձեալ յատուկէն յիշեց Քորէայի սիրելի ժողովուրդը, մաղթանք յայտնելով, որ յառաջիկայ օրերուն Սինկափուրի մէջ կայանալիք բանակցութիւնները նպաստեն դրական գործընթացի զարգացումին, ապահովելով խաղաղ ապագայ մը, Քորէական թերակղզիին եւ համայն աշխարհին մէջ, խնդրելով որ աղօթենք սոյն դիտաւորութեան համար:

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/06/2018, 13:46