Աղքատներ Աղքատներ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Աղքատներու Համաշխարհային Բ օրուան պատգամը:

Այս աղքատը կ՛աղաղակէ ու Տէրը մտիկ կ՛ընէ անոր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան  

Հինգշաբթի 14 յունիս 2018-ի առաւօտեան Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին «Աղքատներու համաշխարհային Բ օրուան» առթիւ հրապարակած պատգամը։ Օրը պիտի նշուի 18 նոյեմբեր 2018-ին որպէս բնաբան ունենալով «Այս աղքատը կ՛աղաղակէ ու Տէրը մտիկ կ՛ընէ անոր»։

Սաղմոսերգուի այս խօսքերէն ներշնչուելով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛ակնարկէ մեր եղբայրներու ապրած թշուառութիւններուն ու տառապանքին ինչպէս նաեւ  անոնց «բացառուած» իրավիճակին հրաւէր ու կոչ ուղղելով անոնց ի նպաստ յանձնառումի մը։

«Աշխարհի մը մէջ որ մխրճուած է աղքատութիւններու զանազան տեսակներու մէջ» քրիստոնէական հասարակութիւնը կանչուած է մօտիկութեան եւ սփոփումի նշաններ ցուցաբերելու անոնց որոնք կ՛ապրին կարիքի մէջ ու կը գտնուին մեր շուրջը» կը գրէ Սրբազան Պապը իր պատգամին մէջ որուն նպատակն է աղքատներուն համապատասխանել ու անոնց զգալ տալ թէ իրենց աղաղակը անլսելի չէ մնացած։

«Սաղմոսերգուի աղօթքը դիտել կու տայ թէ աղքատները, հակառակ ամէն ինչի, իրենց հայեացքը կը բարձրացնեն դէպի երկինք, այն վստահութեամբ թէ Աստուած մտիկ կ՛ընէ իրենց ձայնին, սակայն հարցը այն է թէ ի՞նչու այդ աղաղակը չի հասնիր մեր ականջներուն» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը հրաւէր ուղղելով գիտակցելու եւ ընդունելու որ աղքատութեան հսկայական աշխարին մէջ մեր ներդրումը կը մնայ սահմանափակ, տկար ու անբաւարար, ու ասկէ մեկնելով Ան կ՛առաջարկէ՝ արդիւնաւէտ  նպատակի հասնելու համար,  համագործակցիլ այլ իրականութիւններու հետ միասին։

Մենք մղուած ենք հաւատքէ ու սիրոյ հրամայականէն կը գրէ Քահանայապետը շեշտը դնելով «աղաղակել, պատասխանել ու ազատել» բայերուն վրայ որպէս եղբայրսիրութեան ու զօրակցութեան հիմք, եւ ասկէ մեկնելով կ՛առաջարկէ խոնարհ ու հեզ երկխօսութիւնը բարեգործական զանազան հաստատութիւններու միջեւ որպէս պատշաճ ու աւետարանական պատասխան։

Սրբազան Հայրը կ՛ընդգծէ ապա աղքատութեան երեւոյթին պատճառները։ Ան ստեղծուած է եսասիրութեան, ամբարտաւանութեան, ագահութեան ու անարդարութեան պատճառաւ» որոնք հինաւուրց չարիքներ են ու մեղքեր՝ որոնց թիրախն են յաճախ անմեղները եւ որոնք ընկերային ողբերգական հետեւանքներ կը յառաջացնեն։  Քահանայապետը կ՛ակնարկէ նաեւ աղքատներու  նկատմամբ  ժամանակակից մէկ անհանդուրժողութեան մը որով անոնք կը նկատուին «անապահովութիւն եւ անկայունութիւն ստեղծող անհատներ, զոր պէտք է հեռու պահենք մեզմէ»։

«Աղքատները առաջիններն են որոնք կը ճանչնան Աստուծոյ ներկայութիւնը ու կը վկայեն Անոր մօտիկութիւնը» կը գրէ ապա Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ դիտել տալով թէ անոնք պէտք ունին նաեւ իրենց եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտիկութեան ու հոգատարութեան, անոնց առջեւ բանալով սրտի ու կեանքի դռները...ու զանոնք նկատելով Եկեղեցւոյ կեանքին սիրտը։

«Աղքատներուն դիմաց սակայն կարելի չէ մրցակցութիւն կատարել ներդրումի առաջնութիւնը շահելու համար» նկատել կու տայ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու կը թելադրէ հեզութեամբ ընդունիլ թէ Սուրբ Հոգին է որ մեզ կը մղէ այնպիսի արարքներու որոնք կը հանդիսանան Աստուծոյ մօտիկութեան նշանները։

«Աղքատները  գլխաւոր դերակատարներու կարիքը չունին, այլ պէտք ունին սիրոյ որ գիտէ թաքուն մնալ ու մոռնալ գործուած բարիքը։ Իսկական դերակատարները Տէրն ու աղքատներն են։ Եւ ան  որ ծառայութիւնը կը մատուցէ, Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ գործիք մըն է, ճանչցնելու համար Անոր ներկայութիւնն ու Անոր փրկութիւնը» կը հաստատէ Սրբազան Պապը ու սուրբ Պօղոսի խօսքերով կ՛ակնարկէ «աւետարանական վարուելակերպին»՝ քրիստոնեայ հասարակութեան տկար ու կարիքաւոր անձերու նկատմամբ, ընդգծելով ժամանակակից աշխարհի մէջ աղքատութիւն յառաջացնող ընկերային դերութիւնները, հակառակ մարդկութեան ձեռք բերած զարգացումներուն, ապա կը յորդորէ «չ՛անարգել կարիքաւորները այլ պատուել զանոնք,  որովհետեւ անոնք ապացոյցն են Յիսուսին մեր մէջ  իսկական ներկայութեան, թէեւ այս մէկը չի համապատասխաներ աշխարհի տեսակէտին որ կը հետեւի իշխանութեան ու հարստութիւններուն, մինչ կը բացառէ աղքատները ու զանոնք կը նկատէ «մնացորդ» մը։

«Յաճախ աղքատներն են որոնք դժուարութեան կը մատնեն մեր անտարբերութիւնը։ Աղքատին աղաղակը աղաղակ է նաեւ յոյսի, յոյսի մը որ հիմնուած է Աստուծոյ սիրոյն վրայ, որ երբեք մինակ չի թողուր իր զաւակները» կը գրէ ապա Սրբազան Քահանայապետը պատգամի աւարտին նշելով թէ «այն չափով որ կարողանանք արդար ու իսկական իմաստ տալ հարստութեան, նոյն չափով է որ մենք կ՛աճինք մարդկայնութեամբ ու կարող կը դառնանք «բաժնեկցութեան» արարքներու»։

Հրաւէրը այն է որ ամէնքս մենք մեզ պարտական զգանք աղքատներուն դիմաց որպէսզի  « մեր ձեռքը երկարելով մէկը միւսին, իրականանայ փրկարար հանդիպումը որ կ՛աջակցի հաւատքին, արդիւնաւէտ կը դարձնէ եղբայրսիրութիւնը ու հնարաւորութիւն կու տայ յոյսին՝ ապահովութեամբ շարունակելու իր ճանապարհը դէպի Տէրը որ կու գայ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով պատգամը։

Տուեալ ի Վատիկան  13 յունիս 2018-ին Սուրբ Անտոն Փատովացիի ծիսական տօնին օրը։.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 11:00