Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

Հրապարակային ունկնդրութիւն. «Տասը Պատուիրանները» Դաշինքը ապրելու տասը բառեր։

Տասը պատուիրանները Աստուածաշունչին մէջ նշուած չեն որպէս պատուիրանները այլ որպէս «տասը բառեր»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 20 յունիս 2018-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախագահած հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց տասը պատուիրաններու վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս ունկնդրութիւնը կը կատարուի երկու վայրերու մէջ, մենք այստեղ հրապարակի վրայ, ապա 200է աւելի հիւանդներ Պօղոս Զ դահլիճին մէջ, ամէնքս միասին կը կազմենք մէկ հասարակութիւն. Ծափահարութեամբ ողջունենք Պօղոս Զ դահլիճին մէջ գտնուող մեր բարեկամները։

Անցեալ չորեքշաբթի սկիզբ տուինք խորհրդածութիւններու նոր շարքի մը՝ հայող պատուիրաններուն։ Տեսանք թէ ինչպէս Տէրը եկած չէր օրէնքը ջնջելու այլ ամբողջացնելու զայն։

Տասը պատուիրանները ունին օրէնքի ձեւ, սակայն Աստուածաշունչին մէջ անոնք նշուած չեն որպէս  պատուիրանները այլ որպէս «տասը բառեր»։

Պատուիրանի ու բառի միջեւ կան տարբերութիւններ։ Պատուիրանը հաղորդակցութիւն մըն է որ «երկխօսութիւն» չի նախատեսեր։ Մինչ Խօսքը  երկրախօսական յարաբերութեան հիմնական միջոցն է։

Տարբեր է հրահանգ մը ստանալ ու տարբեր է հասկնալ թէ մէկը կ՛ուզէ մեր հետ խօսիլ։  Ի սկզբանէ Փորձիչը կ՛ուզէ խափել մարդն ու կինը, կ՛ուզէ զանոնք համոզել թէ Աստուած անոնց արգիլեց ուտել բարիի եւ չարի ծառէն, որովհետեւ կ՛ուզէր զանոնք իր հպատակութեան տակ պահել։

Քրիտոնեան արդարեւ կը գտնուի երկընտրանքի դիմաց. Աստուած մեզի կը ստիպէ՞ կամ թէ մեզի խնամք կը տանի։ Անոր պատուիրանները միայն օրէնքնե՞րն են կամ խօսքեր։ Աստուած իշխանաւո՞ր է թէ Հայր։  Մենք գերինե՞ր ենք թէ զաւակներ։

Յիսուսի հոգին որ մենք ընդունեցանք մեզ կը մղէ չընդունելու ճնշող օրէնքը, որովհետեւ բոլոր քրիստոնէութիւնը անցք մըն է օրէնքէն՝ դէպի Հոգի, Հոգին որ կեանք կը պարգեւէ - ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ  «Յիսուս Աստուծոյ Բանն է ու այդ Բանը սէր է եւ ոչ դատապարտում. Ան եկաւ մեզ փրկելու իր Խօսքով, եւ ոչ թէ մեզ դատապարտելու։ Պատուիրանները ուղեւորութիւնն են դէպի ազատութիւն, որովհետեւ անոնք Հօր Խօսքերն են, որ մեզ կ՛ազատէ ու կը փրկէ այս ճանապարհի ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց դիտել տալով թէ «աշխարհը կարիքը  ունի քրիստոնեաներու որոնք ունին զաւակներու սիրտ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2018, 10:35