Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Այսպէս պիտի չըլլայ ձեր մէջ» Կարդինալական տիտղոսի տուչութեան արարողութիւն։

«եթէ մէկը կ՛ուզէ ձեր մէջ առաջին ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ», երանութիւնն է որ մենք ամէն օր կանչուած ենք կրկնելու։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

''Սիրելի եղբայրներ, Մեր եղբայրներէն մի քանիները պիտի կոչենք մաս կազմելու Կարդինալական դասին, որպէսզի անոնք աւելի սերտ կապով միացած ըլլան Սուրբ Պետրոսի աթոռին, ու դառնան մաս Հռոմի կղերին, աւելի սերտօրէն համագործակցելով մեր առաքելական ծառայութեան։ Անոնք, ստանալով ծիրանաւորի տիտղոսը, պիտի դառնան Քրիստոսի ու Անոր աւետարանին արի վկաները` Հռոմի ու հեռաւոր շրջաններուն մէջ։ Ուստի Ամենակալ Աստուծոյ, Պետրոս ու Պօղոս առաքելապետերու ու մեր իշխանութեամբ կը ստեղծենք ու  հանդիսաւոր կերպով Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Կարդինալ կը հռչակենք մեր այս եղբայրները''  այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Հինգշաբթի 28 Յունիս 2018-ի ժամը 16-ին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած  Կարդինալական հանրային հաւաքի ընթացքին յատուկ մէկ արարողութեամբ, 14 նոր կարդինալներու  շնորհեց  կարդինալական տիտղոսը։

Ան ապա այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ մեկնաբանելով Մարկոս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածը   (Մարկոս 10, 32-45)շեշտը դրաւ յատկապէս «ծառայութեան» հոգի ունենալու կարեւորութեան վրայ «Այսպէս պիտի չըլլայ ձեր մէջ, ընդհակառակն, եթէ մէկը ուզէ ձեր մէջ մեծ ըլլալ. Թող ձեր սպասաւորը ըլլայ։ Իսկ եթէ մէկը կ՛ուզէ ձեր մէջ առաջին  ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ» (Մարկ 10, 43)։

«Այսպէս պիտի չըլլայ ձեր մէջ» Տիրոջ խօսքը հրաւէր մըն է չի սահմանափակուելու աշխարհիկ տրամաբանութեան մէջ ու հայեացքն ու սիրտը սեւեռելու հիմնականին՝ առաքելութեան» – ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ թէ ապաշխարութիւնը, սրտի ու եկեղեցւոյ բարեփոխումները եղած են եւ են միսիոներական հեռանկարով, որով կը դադրինք նայելու մեր շահերուն ու խնամք կը տանինք Հօր Աստուծոյ շահերուն։

«Երբ մենք կը մոռնանք առաքելութիւնը, կ՛անտեսենք մեր եղբօր շօշափելի դիմագիծը, մեր կեանքը կը սահմանափակուի անձնական շահերու ու ապահովութիւններու փնտռտուքի մէջ ու կամաց կամաց կը պակսին ուրիշին վերապահուած ուշադրութիւնն ու տարածքները ու կը կորսնցնենք ուրախութիւնը եւ սիրտը կը դառնայ դաժան» յարեց Սրբազան Պապը շեշտելով թէ  Տիրոջ խօսքը՝ «Այսպէս պիտի չըլլայ ձեր մէջ, եթէ մէկը կ՛ուզէ ձեր մէջ առաջին  ըլլալ, թող ամէնուն ծառայէ», երանութիւնն է որ մենք ամէն օր կանչուած ենք կրկնել։

«Ասիկա Տիրոջ մեզի ուղղուած հրաւէրն է որպէսզի չի մոռնանք թէ Եկեղեցւոյ իշխանութիւնը կ՛աճի միւսին արժանապատուութիւնը խթանելու կարողութեամբ, դարմանելու համար անոր վէրքերն ու անոր յոյսը. Այդ խօսքը մեզի կը յիշեցնէ թէ մենք առաքուած են աղքատներուն տանելու համար բարի աւետիսը, բանտարկեալներուն ազատութիւն հռչակելու ու կոյրերուն տեսողութիւնը, հալածուածներուն տալու ազատութիւն եւ հռչակելու Տիրոջ շնորհքի տարին»։

Սիրելի կարդինալ եղբայրներ, մինչ մենք եւս կը քալենք դէպի Երուսաղէմ, Տէրը կը քալէ մեր առջեւէն, մեզի յիշեցնելու համար թէ հաւատալի միակ իշխանութիւնը այն է որ ծնունդ կ՛առնէ այն կարողութենէն՝ միւսներու ոտքերուն առջեւ գտնուելու, ծառայելու համար Քրիստոսին» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հաստատեց «Այս է ամենամեծ պատիւը որ մենք կարող ենք ձեռք բերել՝ ծառայել Քրիստոսին Աստուծոյ հաւատարիմ ժողովուրդին մէջ, անօթիին, մոռցուածին, բանտարկեալին, հիւանդին, թմրամոլին, լքուածին, ու շօշափելի անձերուն մէջ, իրենց պատմութիւններով, յոյսերով, սպասումներով, տառապանքներով եւ վէրքերով։

Միայն այսպէս է որ Հովիւին իշխանութիւնը կ՛ունենայ Աւետարանի բոյր - հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը եւ յորդորելով որ ոչ մէկը ինքզինք նկատէ աւելի բարձր միւսէն, հուսկ քարոզը եզրափակեց Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ պապի մէկ խօսքով որուն մէջ երջանկայիշատակ Քահանայապետը ըսած էր թէ ինք ծնած էր աղքատ եւ ուրախ էր որ կը մեռնէր աղքատ.  «իմ կեանքս նուիրելով աղքատներուն եւ Սուրբ Եկեղեցւոյ…շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ աղքատութեան շնորհքին համար, զոր ուխտեցի երիտասարդութեանս ընթացքին, Հոգիի աղքատութիւն եւ իսկական աղքատութիւն, որ զիս մղեց ոչ մի բան պահանջելու, ոչ իշխանութիւն, ոչ դրամ եւ ոչ ալ օգուտներ, ոչ ինծի եւ ոչ ալ իմ ազգականներուս կամ բարեկամներուս համար» ըսած էր Յովհաննէս ԻԳ պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/06/2018, 16:54