Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 24 յունիսի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը։

Աստուած մեր տրամաբանութիւններէն ու մեր սահմանափակ կարողութիւններէն կախեալ չէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 24 յունիս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց խորհրդածութիւն մը, ներշնչուած օրուան աւետարանական հատուածէն,  որ կը խօսի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի ծննդեան մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, բարի լոյս, ըսաւ Սրբազան Հայրը այսօր ծիսակատարութիւնը մեզ կը հրաւիրէ տօնախմբելու Սուրբ Յովհաննէսս Մկրտիչի ծննդեան տօնը։ Անոր ծնունդը արդարեւ իր ծնողաց՝ Եղիսաբեթի եւ Զաքարիայի կեանքը լուսաւորող դէպք մըն է որ կը ներգրաւէ նաեւ ազգականներու ու դրացիներու ուրախութիւնն ու զարմանքը։

Այդ երկու տարեց ծնողները շատ երազած էին այդ պահը, սակայն այլեւս չէին ակնկալէր զաւակ ունենալ եւ ի տես զաւակի մը ծնունդի աւետումին՝ Զաքարիան կը տատամսի որովհետեւ քաջատեղեակ էր իր ծեր իրավիճակին, ասոր համար Տէրը զինք համր կը դարձնէ։

Աստուած մեր տրամաբանութիւններէն ու մեր սահմանափակ կարողութիւններէն կախեալ չէ ու հարկաւոր է սորվիլ Անոր վրայ վստահիլ ու լուռ մնալ Աստուծոյ խորհուրդի դիմաց եւ հեզութեամբ ու երկիւղածութեամբ դիտել Անոր գործը, որ կը յայտնուի պատմութեան մէջ ու շատ անգամ կը գերազանցէ մեր իսկ երեւակայութիւնը։

«Երբ դէպքը կ՛իրականանայ Եղիսաբեթն ու Զաքարիան կը փորձարկեն թէ ոչ մի բան անկարելի է Աստուծոյ ու մեծ կ՛ըլլայ անոնց ուրախութիւնը» ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով ապա Յովհաննէս անունի ընտրութեան որ կը նշանակէ «Աստուած շնորհք կատարեց»։

Յովհաննէսի ծննդեան դէպքը, ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը, յատկանշուած է  զարմանքով, անակնկալով ու երախտագիտութեամբ։  «Աստուծոյ ժողովուրդը զարմանքով կը խօսէր այդ դէպքի մասին, որովհետեւ գիտակից էր թէ մեծ սքանչելիք մը պատահած էր» յարեց Քահանայապետը ու ասկէ մեկնելով հրաւիրեց հարց տալ մենք մեզի թէ ի՞նչպէս է մեր հաւատքը։ Ուրախ հաւատք է թէ միապաղաղ։ Զարմանաքի իմաստը ունի՞նք երբ կը տեսնենք Տիրոջ գործերը։ Գիտենք զգալ Սուրբ Հոգւոյն մխիթարութիւնը թէ կը մնանք փակ անոր շնորհքներուն։ «Հարց տանք ի՞նչպէս է իմ հաւատքս, ուրախ հաւատք է» կրկնեց Սրբազան Հայրը ու հաստատեց. «Աստուած անակնկալներու Աստուած է»  ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ ու դարձնէ գիտակից՝ թէ զաւկի մը ծնունդին մէջ ծնողները կը գործեն որպէս Աստուծոյ համագործակիցներ։ Վեհանձն առաքելութիւն մը որ ամէն մէկ ընտանիք կը դարձնէ կեանքի սրբավայր ու ամէն մէկ զաւկի մը ծնունդով կը վերազարթնէ՝  ուրախութիւնը, զարմանքն  ու երախտագիտութիւնը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները՝ վերյիշեց Փարակուէյի Ասունսիոն քաղաքի մէջ Երանելի հռչակուած Maria Felicia di Gesù Sacramentato  որ Փարակուէյի բնակչութենէն անուանուած է “Chiquitunga”։

«Այս երիտասարդ երանուհիին վկայութիւնը բոլոր երիտասարդներուն համար հրաւէր է՝ կեանքը ապրելու վեհանձնութեամբ, ուրախութեամբ եւ հեզութեամբ» – ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով ծափահարումով ողջունել համայն Փարակուէյի ժողովուրդը ապա ողջունելէ ետք հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, խնդրեց որ բարեհաճին չի մոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2018, 14:10