Որոնել

Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. «Աստուծոյ Թագաւորութիւնը»։

Սրբազան Հայրը Երանելի Քոյր Մարիա Քարմեն Ռենտիլէս Մարթինէսին բարեխօսութեան յանձնեց Վենեզուելլայի ժողովուրդը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 17 Յունիս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը եւ աւանդութեան համաձայն աղօթքի ընթացին ներկայացուց օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած խորհրդածութիւնը։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Աւետարանական այսօրուան էջին մէջ (Մարկոս, 4, 26-34), Յիսուս, երկու առակներու միջոցաւ, բազմութեան կը խօսի Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին ու անոր աճումի ուժականութեան մասին։

Առաջին առակին մէջ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը նմանցուած է հունտի աճումին, որ ցանուած հողին մէջ կը ծաղկի եւ կը մեծնայ արտադրելով հասկը ու հասկին մէջ լեցուն ցորեն, անկախ հողագործի հոգատարութենէն, որ «երբ պտուղը հասուննայ՝ իսկոյն մանգաղը կը ղրկէ, որովհետեւ հունձքի ատենը հասած է»: Այս առակին պատգամը այն է թէ Յիսուսի քարոզութեամբ ու Անոր գործած արարքներով, Աստուծոյ թագաւորութիւնը հռչակուած է ու մուտք գործեց աշխարհի մէջ եւ հունտի նման կ՛ աճի անկախ մարդուն գործերէն, որովհետեւ արտայայտութիւնն է Աստուծոյ զօրութեան ու Անոր բարութեան ինչպէս նաեւ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութեան։

Երկրորդ առակին մէջ Յիսուս Աստուծոյ թագաւորութիւնը կը նմանեցնէ «Մանանեխի հատիկին», որ հողին մէջ ցանուած ատենը՝ երկրի վրայ եղած սերմերուն ամենէն պզտիկն է. բայց երբ ցանուի՝ կը բուսնի, բոլոր տունկերէն ալ մեծ կ՚ըլլայ ու մեծ ճիւղեր կ՚արձակէ, այնպէս որ երկինքի թռչունները կրնան անոր շուքին տակ բնակիլ»:

Այս առակով Տէրը մեզ կը խրախուսէ հաւատքի վերաբերմունքի մը, որ գերազանցէ մեր անձնական ծրագիրերը ու մեր նախատեսումները։ «Այս մէկը հրաւէր մըն է՝ բացուելու Աստուծոյ ծրագիրներուն, ըլլայ անհատական ըլլայ հաւաքական գետնի վրայ, ուշադրութիւն դարձնելով փոքր ու մեծ բաներուն, զոր Տէրը մեզի կը պարգեւէ, թոյլ տալով  ներգրաւուիլ Անոր սիրոյ, հիւրընկալութեան ու բոլորին հանդէպ ողորմութեան ուժականութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով թէ Եկեղեցւոյ առաքելութեան վաւերականութիւնը չէ տրուած յաջողութիւնէն կամ արդիւնքներու գոհացումէն, այլ վստահութեամբ ու քաջութեամբ յառաջ ընթանալէն ու Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ խոնարհ յանձնումէն։

Այս մէկը կը նշանակէ գիտակից ըլլալ թէ փոքր ու խեղճ գործիքներ ենք Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ ու անոր շնորհքի շնորհիւ կրնանք կատարել մեծ գործեր՝ աճեցնելով Անոր թագաւորութիւնը, որ է «արդարութիւն, խաղաղութիւն, եւ Սուրբ Հոգւոյն մէջ ուրախութիւն» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ օգնէ ըլլալու հեզ եւ ուշադիր, մեր հաւատքով ու մեր գործերով համագործակցելու համար Աստուծոյ Թագաւորութեան աճումի ծրագրին՝ սրտերուն ու պատմութեան մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն, մատնանշելով երէկ Քարաքասի մէջ Երանելի հռչակուած Քոյր Մարիա Քարմեն Ռենտիլէս Մարթինէսին որ «իր միաբանակցի քոյրերուն հետ միասին սիրով ծառայեց ժողովրդապետութիւններու ու դպրոցներուն մէջ, մօտիկ ըլլալով կարիքաւորներուն» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Անոր բարեխօսութեան յանձնելով Վենեզուելլայի ժողովուրդը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/06/2018, 12:12