Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 Յունիսի Մարեմեան աղօթքը։ Նիքարակուայի համար կոչ։

Կ՛աղօթեմ որպէսզի դադրի որեւէ բռնութիւն ու ապահովուին երկխօսութիւնը շուտով վերսկսելու պայմանները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 3 Յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր աշխատանքային գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսական տօնին, Յիսուսի Ամենասուրբ Մարմնոյ եւ Արեան՝ Սուրբ Հաղորդութեան տօնին։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն ուր կը մատնանշուի Յիսուսին իր աշակերտներու հետ կատարած  վերջին ընթրիքի մասին ՝ Սրբազան Քահանայապետը վերյիշեց Յիսուսին խօսքերը «Առէ՛ք, ա՛յս է իմ մարմինս» ապա. «Ա՛յս է իմ արիւնս, նո՛ր ուխտին արիւնը, որ կը թափուի շատերո՜ւ համար»։

Այս սիրոյ կտակի վրայ հիմնուելով է որ քրիստոնեայ հասարակութիւնը ամէն կիրակի ու ամէն օր կը համախմբուի Սուրբ Հաղորդութեան շուրջ փառաբանելու համար Տէրը - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով թէ «այդ Զոհի արարողութեամբ մենք կը փորձարկենք Նոր Դաշինքը, ու երբ կ՛ընդունինք Սուրբ Հաղորդութիւնը, մեր մէջ կ՛ընդունինք Յիսուսին սէրը, ոչ թէ զայն մեզի վերապահելու համար այլ զայն բաժնեկցելու համար ուրիշներուն հետ»։

«Այս է Սուրբ Հաղորդութեան տրամաբանութիւնը» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը դէպի Քրիստոս քաշող խորհուրդ մըն է եւ է նաեւ սիրոյ գործնական դպրոց.։ Այնտեղ մենք կը սորվինք տրամադիր ըլլալ ուրիշներուն հետ ու յատկապէս անոնց հետ որոնք մեր կարիքը ունին։

«Կենդանի Յիսուսին ներկայութիւնը հաղորդութեան մէջ նման է դուռի մը, բաց դուռ մը՝ ընդմէջ տաճարին ու ճամբային, ընդմէջ հաւատքին ու պատմութեան, ընդմէջ Աստուծոյ քաղաքին ու մարդոց քաղաքին» ըսաւ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով նաեւ ժողովրդական պաշտամունքներուն ու յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան թափօրին եւ այս առնչութեամբ յայտնելով թէ այսօր երեկոյեան ինք եւս, նման 50 տարի առաջ Երանելի Պօղոս Զ-ի կողմէ կատարուած արարքին, Օսթիայի մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագի արարողութիւնը, որուն պիտի յաջորդէ Սուրբ Հաղորդութեան թափօրը։

«Բոլորդ կը հրաւիրեմ այդ արարողութեան  մասնակցելու, նաեւ հոգեպէս, ռատիոյի եւ հեռատեսիլի միջոցաւ, ու թող Տիրամայրը մեզի ընկերանայ ամէն օր» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։

Արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Հայրը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները վերյիշելով թէ երէկ՝ Նափոլիի մէջ երանելի հռչակուեցաւ Քոյր Մարիա Քրոչիֆիսսա Տէլ Տիվինօ Ամորէն ապա կոչ ուղղեց Նիքարակույի մէջ բռնութիւններու կասեցումին համար ըսելով։

Կը միանամ Նիքարակուայի եղբայրակից եպիսկոպոսներուն, ու անոնց յայտնած ցաւին, ի տես ծանր բռնութիւններուն, որոնք մահ ու վիրաւորներ պատճառեցին եւ իրագործուեցան զինեալ խմբաւորումներու կողմէ՝ կասեցնելու համար հասարակական բողոքները։

Կ՛աղօթեմ զոհերուն  ու անոնց ընտանիքներուն համար։

Եկեղեցին միշտ երկխօսութեան մէջ է, այս մէկը սակայն կը պահանջէ գործնական յանձնառում՝ յարգելու համար ազատութիւնը ու ամէնէն առաջ կեանքը։

Կ՛աղօթեմ որպէսզի դադրի որեւէ բռնութիւն ու ապահովուին երկխօսութիւնը շուտով վերսկսելու պայմանները» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ապա շարունակելով ողջունել տարբեր վայրերէ Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու խումբերը,  բոլորին մաղթեց բարի կիրակի, խնդրելով ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2018, 12:37