Ֆրանչիսկոս Պապը Ուկանտայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Ուկանտայի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 Յունիսի գործունէութիւնը՝ Ուկնատայի Եպիսկոպոսներուն հետ հանդիպում։

Ուկանտայի հանրապետութեան 36 ու կէս միլիոնէ աւելի բնակչութեան 85 առ հարիւրը քրիստոնեայ են,

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 յունիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի  մօտ նորանշանակ Առաքելական նուիրակը՝ գերապայծառ ԺոզէՖ Սփիթերին, ապա հրաժեշտի այցելութիւններու առթիւ՝  Սուրբ Աթոռի մօտ Աւստրիոյ դեսպան Տիար Ալֆոնս Քլոսսը ու Հոլանտայի դեսպան՝ Իշխան Ժէյմ Պերնարտօ Տը Պուրպոն Տը Փարմը։

Ժամը 10.20 անց Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ Ուկանտայի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն հետ, անոնց Սուրբ Պետրոսի յաջորդին կատարած հնգամեայ կանոնական այցելութեան ծիրէն ներս։

Նշենք թէ Ուկանտայի հանրապետութեան  36 ու կէս միլիոնէ աւելի բնակչութեան 85 առ հարիւրը քրիստոնեայ են, որոնց 49.75 առ հարիւրը՝ այսինքն 18 միլիոն 190 հազարը կաթողիկէ ու 36 առ հարիւրը Անկլիքան, ապա կան այլ քրիստոնեայ յարանուանութիւններու պատկան 7 առ հարիրով հաւատացեալներ, 12 առ հարիւրով մահմետականներ ու այլ կրօններու պատկան փոքրամաս հասարակութիւններ։

Ուկանտայի մէջ քրիստոնէութիւնը առաջին անգամ մուտք գործած է 1879-ի փետրուարին, այնտեղ ժամանած առաջին միսիոնարներու քարոզութեամբ եւ քիչ տարիներ ետք 1885-ին քրիստոնեաներու դէմ հալածանքի պատճառաւ՝ 22 կաթողիկէներ կը նահատակուին։

Ուկանտայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1960-ին։ Եկեղեցին ունի չորս աւագ թեմեր ու 15 ենթաթեմեր ու մէկ զինուորական մատրանապետութիւն։

Ուկանտայի եկեղեցւոյ պատմութեան յատկանշական թուականներէն նշենք՝ 1969-ն՝ երբ երջանկայիշատակ Պօղոս Զ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեամբ առաջին անգամն ըլլալով այցելեց երկիրը,  հուսկ փետրուար 1993ն, երբ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւս հովուական այց կատարեց Ուկանտա հուսկ՝ 2015-ի նոյեմբերը երբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր կարգին, առաքելական ճամբորդութեամբ այցելեց երկիրը։

2017 թուականին Քամփալայի առաջնորդութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան 50 ամեակը։

Կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնահերթ մարտահրաւէրներէն մին է միջկրօնական երկխօսութեան հարցը, ի տես նաեւ մահմետական կրօնի հետեւորդներու աճումին, այլ մարտահրաւէր մըն է  ՍՒՏԱ հիւանդութեան դէմ պայքարը, ուր ըստ 2016-ի տուեալներուն կը նշուի թէ 1 միլիոն 300 հազար անձ վարակուած է այդ հիւանդութենէն։

Ի վերջոյ հարկ է ընդգծել թէ Ուկանտայի եկեղեցին մեծ յանձնառումով կ՛աշխատի հաղորդակցութեան միջոցներու տարածումի ծիրէն ներս. Երկրին մէջ արդարեւ  կան 9 կաթողիկէ Ռատիօներ, մինչ աճ կ՛արձանագրէ  նաեւ եկեղեցականներուն թիւը որոնք կը մասնագիտանան  «հաղորդակցութեան նոր միջոցներու» գործածութեան ասպարէզէն ներս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 11:52