Մարեմեան Աղօթք Մարեմեան Աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց 14 նոր կարդինալներու ստեղծումը։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետը ներկայացուց օրուան խորհրդածութիւնը, կոչ ուղղեց ի նպաստ Վենեզուելլայի ու Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հաստատումին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 մայիս 2018 կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Մարեմեան աղօթքը որուն առթիւ ներկայացուց նաեւ խորհրդածութիւն մը ակնարկելով օրուան  Պենտեկոստէի տօնին, որ «Զատկական ժամանակաշրջանի գագաթնակէտն է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց տօնակատարութեան դէպքին երբ «Սուրբ Հոգին իջաւ վերնատան մէջ համախմբուած աշակերտներուն վրայ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի միջոցաւ ամէնքս ալ կանչուած ենք մասնակցելու Քրիստոսի աստուածային կեանքին եւ դրոշմի միջոցաւ կը դառնանք աշխարհի մէջ անոր վկաները» յարեց ապա Սրբազան Պապը նշելով թէ Պենտեկոստէի օրէն սկսեալ բոլորս ալ կանչուած ենք սրբութեան ու թէ հարկ է բացուիլ Սուրբ Հոգիին ու թոյլ տալ  որ Ան մեզ առաջնորդէ սրբութեան ճանապարհին վրայ։

«Սուրբ Հոգին արդարեւ կը յաղթահարէ  չարութիւնը ու սրտերը կը բանայ յոյսին, հրահրելով ներքին հասունութիւնը Աստուծոյ ու մեձաւորին հետ մեր կապերուն մէջ» ըսաւ ապա Քահանայապետը որ խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը որպէսզի Եկեղեցւոյ համար ընդունի նորոգուած Պենտեկոստէ մը, որ մեզի պարգեւէ՝ Աւետարանը ապրելու ու վկայելու ուրախութիւնը ու մեր վրայ զեղու սուրբ դառնալու իղձը Աստուծոյ Փառքին համար»։

Մարեմեան Աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները յիշելով թէ երէկ՝ Երուսաղէմի մէջ, կատարուեցաւ խաղաղութեան համար աղօթքի հսկում ու թէ ինք հոգեպէս միացած էր այդ աղօթքին, ապա հրաւիրեց շարունակել Հայցել Սուրբ Հոգիէն որ հրահրէ երկխօսութեան ու հաշտութեամբ կամքն ու արարքները՝ Սուրբ Երկրի ու համայն Միջին Արեւելիքի մէջ։

Քահանայապետը ապա յատուկ կոչ ուղղեց սիրելի Վենեզուելլայի համար, մաղթելով որ Ս Հոգւոյն օգնութեամբ՝ մարդկայնական, քաղաքական ու տնտեսականն  տագնապին համար որոնուին՝ արդար ու խաղաղ լուծումները ու յարգուի ամէն մէկ անհատի կեանքը։

Քահանայապետը նշեց նաեւ թէ Պենտեկոստէի տօնով սկսած է տիեզերական եկեղեցւոյ առաքելութիւնը ու ասոր համար է որ այդ օր կը հրատարակուի «Միսիոներական համաշխարհային օրուան պատգամը» ապա ողջունեց հրապարակի վրայ գտնուող զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորները։

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ յայտարարեց թէ յառաջիկայ 29 Յունիս 2018-ին գումարած է Կարդինալական ժողով որուն առթիւ պիտի նշանակուին 14 նոր կարդինալներ որոնց շարքին են. Քաղդէացիներու պատրիարք՝ Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ՝ գերապ. Լուիս Լատարիա, Հռոմի տեղապահ Արքեպիսկոպոսը՝ գերապ. Անճելօ Տէ Տոնաթիս, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան ընդհանուր հարցերու տեղակալ գերապ. Ճովաննի Պեչչու, Քահանայապետական ողորմաբաշխութեան գրասենեակի կառավարիչ՝ գերապ. Քոնրատ Քրայեվսքի, Քարաքիի արքեպիսկոպոս՝ գերապ. Ժոզէֆ Քութս, Ֆաթիմայի Արքեպիսկոպոսս՝ գերապ. Անթոնիօ Տոս Սանթոս Մարթոս, Հուանքայոյի եպիսկոպոս գերապ. Փետրօ Պարրեթօ, Թաոմազինայի եպիսկոպոս գերապ. Տեզիրէ Թսարհազանա, Աքուիլայի եպիսկոպոս՝ գերապ. Ճուզեփփէ Փեթրոքքի եւ Օզաքայի եպիսկոպոս գերապ. Թոմաս Աքուիա Մանիօ Մաէտա։ Ասոնց կից Նորին Սրբութիւնը նշանակեց նաեւ մէկ արքեպիսկոպոս, մէկ եպիսկոպոս ու մէկ կրօնաւոր մը, որոնք ըսաւ քահանայապետը, «յատուկ ծառայութիւն մատուցեցին եկեղեցւոյ», ապա հրաւիրեց հաւատացեալները աղօթելու նորանշանակ կարդինալներուն համար, «որպէսզի վերահաստատելով իրենց յարումը ու հաւատարմութիւնը Քրիստոսին,  որ է ողորմած աւագ քահանայ, օգնեն իրեն իր Հռոմի եպիսկոպոսի պաշտօնին մէջ՝ ի սպաս Աստուծոյ հաւատացեալ սուրբ ժողովուրդի ծառայութեան։

Սրբազան Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2018, 12:30