Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին 13 Մայիսի Մարեմեան աղօթքը։

Սրբազան Պապը ողջունեց լրագրութեան աշխարհի գործիչները յորդորելով փնտռել ճշմարտութիւնը ու սատարել արդար ու խաղաղ ընկերութեան մը կառուցման։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ աւանդութեան համաձայն, կէսօրին,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը, որուն առթիւ ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց օրուան ծիսական տօնին՝ Յիսուսի Համբարձումի տօնին վրայ, «որ է, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, Եկեղեցւոյ առաքելութեան սկիզբը», որով Յիսուս իր աշակերտները ուղարկեց Աւետարանելու համայն աշխարհը, ամենուրէք տանելով Անոր սիրոյ ու ողորմութեան պատգամը։ 

Ունկնդրէ լուրը

«Աստուծոյ այս ծրագիրը սակայն կարելի է իրագործել միայն այն ուժով որ նոյնինքն Աստուած կը պարգեւէ իր առաքեալներուն՝ Սուրբ Հոգին», որուն զօրութեամբ անոնք կը դառնան Յիսուսին վկաները - ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ «Յիսուսին այդ յանձնած առաքելութիւնը կը շարունակուի նաեւ մեր օրերուն» ու թէ այս կը պահանջէ նաեւ մեր բոլորին համագործակցութիւնը, որովհետեւ Սուրբ Մկրտութեան զօրութեամբ մենք ամէնքս կանչուած էք Աւետարանի քարոզութեան։

«Մեր Տիրոջ համբարձումը երկինք նոր թափ մըն է՝ Անոր մեր մէջ ներկայութեան ձեւին, ու հրաւէր է մեր աչքերուն ու սրտերուն Անոր հանդիպելու ու ծառայելու ու զայն վկայելու ուրիշներուն» ըսաւ ապա Քահանայապետը ու խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը,  որպէսզի մեզ օգնէ Աւետարանի սերմը սերմանելու արիութեամբ՝ կեանքի ու պատմութեան գործնական իրադարձութիւններուն մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա խօսքը ուղղելով հրապարակը համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներուն վերյիշեց թէ այսօր կը նշուի Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու համաշխարհային օրը, որուն բնաբանն է «Սուտ Լուրեր ու խաղաղութեան լրագրութիւն» ու այս առթիւ ողջունեց լրագրութեան աշխարհի գործիչները հրաւիրելով միշտ փնտռել ճշմարտութիւնը ու սատարել արդար ու խաղաղ ընկերութեան մը կառուցման։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ ողջոյնի խօսքեր ուղղեց հրապարակին վրայ ներկայ գտնուող տարբեր վայրերէ ժամանած  ուխտաւորներուն ու Մարեմեան Աղօթքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով ինչպէս միշտ ո չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2018, 12:22