Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը Ինտոնեզիայի մէջ Եկեղեցիներու դէմ յարձակումին ի լուր։

Խաղաղութեան Աստուծմէ միասնաբար հայցենք՝ որ դադրեցնէ այս բռնութեան արարքները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան


Կիրակի 13 մայիս 2018-ին, Սրբազան Պապը, Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին, ուզեց իր մօտիկութիւնը արտայայտել Ինտոնեզիայի Սուրապայա քաղաքի քրիստոնեայ հասարակութեան, որ թիրախ դարձած էր ահաբեկչական արարքներու, որոնք պատճառած են տասնեակ զոհեր։

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը


Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, յատուկ օրէն մօտիկ եմ Ինտնեազիայի սիրելի ժողովուրդին ու յատկապէս Սուրապայա քաղաքի քրիստոնեայ հասարակութեան, որ թիրախ եղաւ պաշտամունքի վայրերու դէմ կիրարկուած յարձակումներու։
Աղօթքս կը բարձրացնեմ բոլոր զոհերուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն համար։ Խաղաղութեան Աստուծմէ միասնաբար հայցենք՝ որ դադրեցնէ այս բռնութեան արարքները ու բոլորին սրտերուն մէջ տեղ գտնեն ոչ թէ ոխի եւ բռնութեան զգացումներ այլ հաշտութեան ու եղբայրութեան զգացումները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այս առթիւ յղած իր կոչին մէջ։

Արարքին հեղինակները ՏԱՀԵՇ-ի մաս կազմող մէկ ընտանիքի անդամներ են

Նշենք թէ Ինտոնեզիոյ ոստիկանապետութեան համաձայն  յարձակումին հեղինակները ընտանիքի մը անդամներն են. մայր մը իր 9 եւ 12 տարեկան երկու զաւակներով անձնասպանական գործողութիւն կատարած է Տիփոնեկորոյի ինտոնեզիական քրիստոնէական եկեղեցւոյ դէմ, իսկ հայրն ու 16 եւ 18 տարեկան երկու որդիները իրենց կարգին անձնասպանական գործողութիւն կատարած են Սուրապայայի կեդրոնը գտնուող Հոգեգալստական եկեղեցւոյ դէմ:

Կան առնուազն  13 անձեր զոհ եւ տասնեակներով վիրաւորներ։ Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց ՏԱՀԵՇ-ը:

Երկրի նախագահ Ժոքօ Ուիտոտօ յարձակումները նկատեց «բարբարոսական» եւ խոստացաւ հետապնդել ու քայքայել անոնց հեղինակներուն ցանցերը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/05/2018, 13:34