Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 Մայիսի Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնն ու կոչը։

Եթէ Պահէք իմ պատուիրաններս, կը մնաք իմ սիրոյս մէջ,ինչպէս ես պահեցի Հօրս պատուիրանները եւ կը մնամ Անոր սիրոյն մէջ:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 մայիս 2018-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին աւանդութեան համաձայն մեկնաբանեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումը որ քաղուած էր Յովհաննէս աւետարանիչէն, ուր Յիսուսի կը յանձնարարէ իր աշակերտներուն «հաստատ մնան իր սիրոյն մէջ»։

Ունկնդրէ լուրը

«Հարկ է նախ եւ առաջ համոզուիլ թէ Քրիստոսի սէրը մակերեսային զգացում մը չէ, այլ սրտի հիմնական վերաբերմունք մը»,  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց Յիսուսին խօսքերուն. «Եթէ Պահէք իմ պատուիրաններս, կը մնաք իմ սիրոյս մէջ,ինչպէս ես պահեցի Հօրս պատուիրանները եւ կը մնամ Անոր սիրոյն մէջ», եւ այս առընչութեամբ դիտել տուաւ թէ «Սէրը կ՛իրականանայ առօրեայ կեանքին մէջ, առօրեայ արարքներուն ու վերաբերմունքներուն մէջ, ապա թէ ոչ ան կը դառնայ պատրանք, հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ Յիսուս մեզմէ կը խնդրէ պահել իր պատուիրանները որոնք կը ներփակուին հետեւեալ նախադասութեան մէջ «Սիրեցէք զիրար, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի»։

Մայիս 6-ի Մարեմեան Աղօթքը

Բազմաթիւ անգամներ Յիսուս մեզի ցոյց տուաւ թէ ո՞վ պէտք է սիրենք, ոչ միայն խօսքով այլ գործով, տրամադիր ըլլալով իմ այդ եղբօր ու քրոջ նկատմամբ, ով որ ալ ըլլայ ան եւ ինչ իրողութեան մէջ ալ որ կ՛ապրի»։

Այդ սէրը բացառիկ պարագաներու ցուցաբերելիք իրողութիւն մը չէ, այլ պէտք է դառնայ մեր գոյութեան մշտական արարքը։Ահա թէ ինչու կանչուած ենք խնամելու տարեցները սիրով՝ որպէս գանձեր, նոյնիսկ եթէ  մեզի տնտեսական հարցեր կը յարուցեն։ Ահա թէ ինչու հարկաւոր է հիւանդներուն տալ ամէն տեսակ հոգ ու խնամք, նոյնիսկ եթէ մահացու են։ Ահա թէ ինչու նորածինները միշտ ալ պէտք է ընկալուին եւ ի վերջոյ կեանքը պէտք է միշտ պաշտպանուի ու սիրուի, սաղմէն մինչեւ մահ». Հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով դարձեալ Աստուծոյ մեզի վերապահած սիրոյն ու Քրիստոսին մեզի թողած պատուէրին՝ սիրելու իրեն նման, հրաւիրելով ունենալ Յիսուսին նոյն սիրտը, որ «կարելի է՝ երբ մենք կը մօտենանք Սուրբ Հաղորդութեան» ըսաւ Սրբազան Պապը ու խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը, որպէսզի մեզ օգնէ մնալու Յիսուս Քրիստոսի սիրոյն մէջ։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Պապը արտասանելէ ետք Մարեմեան Աղօթքը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները վերյիշելով Գերմանիոյ մէջ երէկ Երանելի հռչակուած Քիարա Ֆէյը, ապա հրաւէր ուղղեց աղօթելու կեդրոնական Ափրիկէի բնակչութեան համար, որ թիրախ է ծանր բռնութիւններու, որոնց հետեւանքով մահացած են  ու վիրաւորուած են բազմաթիւ անձինք, որոնց շարքին նաեւ քահանայ մը։

Նորին Սրբութիւնը հացեց Տիրոջմէ, բարեխօսութեամբն իր մօր Մարիամին, օգնելու բոլորը՝ «ոչ» ըսելու բռնութեան եւ վրէժխնդրութեան, միասնաբար կառուցելով խաղաղութիւնը։ Ան ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց ուխտաւորներու զանազան խումբերուն, ինչպէս նաեւ Զուիցերական Պահակագունդի անդամներուն ու անոնց հարազատներուն, որոնք այսօր կը տօնախմբեն իրենց պատմական տօնը, հուսկ բոլորին մաղթելով բարի կիրակի խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2018, 12:50