Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Պեչչու Ֆրանչիսկոս Պապ եւ գերապայծառ Պեչչու 

Ֆրանչիսկոս Պապը գերապ. Պեչչուն վերահաստատեց Մալթայի կարգին մօտ յատուկ պատուիրակի պաշտօնին վրայ։

«Դուք կը շարունակէք ունենալ բոլոր իրաւասութիւնները, ըլլալով իմ միակ ու բացառիկ խօսնակս»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 մայիս 2018-ին լոյս տեսած,  2 Մայիս 2018- թուակիր մէկ նամակով մը, ուղղուած Արհիապատիւ գերապայծառ Անճելօ Պեչչուին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Գերապայծառ Պեչչուն վերահաստատեց Մալթայի Ասպետական կարգին մօտ Քահանայապետի յատուկ պատուիրակի իր պաշտօնին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Անցած են արդեն 15 ամիսներ այն 2 փետրուար 2017-էն  երբ որոշեցի ձեզի յանձնել Մալթայի Ասպետական Կարգին մօտ իմ յատուկ պատուիրակի պաշտօնը, պարտականութիւնն ունենալով առաջնորդել Ասպետական Կարգը իր վերանորոգումի գործընթացքին մէջ» կը գրէ Քահանայապետը նամակին սկիզբը ապա իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնելով գերապայծառ Պեչչուին յանձնառումին համար  եւ նկատի ունենալով թէ Ասպետական Կարգի հոգեւոր ու կանոնական բարեփոխումներու ընթացքը տակաւին չէ աւարտած, Անորմէ կը խնդրէ  շարունակել իր այդ պաշտօնը մինչեւ նոր կարգադրութիւն։

«Մինչ այդ դուք կը շարունակէք ունենալ բոլոր իրաւասութիւնները, ըլլալով իմ միակ ու բացառիկ խօսնակս, բոլոր այն հարցերուն՝ որոնք կը հային այս առաքելական աթոռին ու Ասպետական Կարգի յարաբերութիւններուն» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին մէջ ապա գերապայծառ Պեչչուին իրաւունք կը շնորհէ նաեւ գլխաւորելու Մալթայի Ասպետական Կարգի նորընտրեալ  «Աւագ Վարդապետ»՝ եղբայր Ճաքոմօ Տալլա Թորրէ Տէլ Թեմփիօ Տի Սանկունեթիի երդման արարողութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 3 մայիս 2018-ին։

Նորին Սրբութիւնը նամակը կ՛աւարտէ ապահովեցնելով իր աղօթքները ու իր օրհնութիւնները շնորհելով գերապայծառ Պեչչուին, «Աւագ Վարդապետին» ու Մալթայի Ասպետական կարգի բոլոր անդամներուն։   

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 11:40