Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «քրիստոնեաները միացած արդի ստրկութեան դէմ»:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց արդի ստրկութեան մասին գումարուած գիտաժողովի մասնակիցներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

5-էն -8 մայիս 2018-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի կ՝ունենայ արդի ստրկութեան մասին միջազգային գիտաժողով՝ կազմակերպութեամբ Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի եւ Պուէնոս Այրէսի կաթողիկէ թեմին «Հին հարցերը նոր աշխարին մէջ» վերնագիրով:

Երկուշաբթի, 7 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց վերոնշեալ գիտաժողովի մասնակիցներուն, որուն սկիզբը իր գնահատանքը յայտնեց Տիեզերական Պատրիարք՝ Բարթողոմէոս Ա-ին եւ Քանթերպուրի արքեպիսկոպոս Ճուսթին Վելպիին, որոնք անցեալ տարի կազմակերպած էին նշեալ վեհաժողովը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց իր մխիթարական զգացումը ի տես այն իրողութեան որ բոլորը կը բաժնեկցին միեւնոյն մտահոգութիւնը արդի ստրկութեան զոհերուն համար:

Ան նշեց թէ ստրկութեան կիրարկումը խոր արմատներ ունի եւ անիկա այսօր եւս կը բացայայտուի զանազան ձեւերով՝ մարդավաճառութեան, աշխատանքի շահագործումի, մանուկներու եւ սեռային բռնութեան շահագործումի ձեւերով ինչպէս նաեւ տնային բռնի աշխատանքի բազմաթիւ ձեւերով, երեւոյթներ որոնք բոլորը տմարդկային եւ ծանր են ըսաւ Սրբազան Հայր դիտել տալով որ այդ տմարդկային եւ ողբերգական երեւոյթներուն թիւը աճ կ՝արձանագրէ աշխարհի կարգ մը երկիրներուն մէջ:

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց որ վերջին վիճակագրութիւններուն համաձայն գոյութիւն ունին աւելի քան 4 միլիոն անձեր՝ յատկապէս կիներ ու մանուկներ, որոնք կը թիրախ են ստրկութեան,  շեշտելով որ այս ողբերգական իրականութեան դիմաց ոչ մէկը կրնայ  ձեռնածալ մնալ եթէ չ՝ուզեր մեղսակից դառնալ ՝ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրին:

Այսպիսի տդմարկային արարքներ կանխարգիլեու համար Նորին Սրութիւնը թելադրեց կատարել կարգ մը պարտականութիւններ, նախ եւ առաջ արդի ստրկութեան նիւթը ծանօթացնել համային աշխարհին ՝ գողածերծելով անտարբերութեան քողը, որ կը ծածկէ տառապող մարդկութեան այդ հատուածը. որոնք անմիջականօրէն ներգրաւուած են ոճրագործային կազմակերպութիւններուն մէջ, որոնք չեն խօսիր արդի ստրկութեան մասին, պարզապէս որովհետեւ անոնք մեծ նպաստ կը քաղեն այս տեսակ ստրկութիւններէն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տալով որ կան նաեւ մարդիկ, որոնք գիտակից են այդ հարցին սակայն չեն ուզեր խօսիլ անոր մասին, որովհետեւ անոնք կը գտնուին հոն ուր վերջ կը գտնէ «սպառումի շղթան»:

Ան ապա շեշտեց որ բոլորս կանչուած ենք դուրս ելլելու կեղծաւորութեան ամէն ձեւերէն, դիմագրաւելով այն իրականութիւնը որ այդ հարցը կը հայի մեզի բոլորիս։

Նորին Սրբութիւն ապա որպէս երկրորդ պարտականութիւն թելադրեց, գործել բոլոր անոնց համար որոնք ստրկութեան ենթարկուած են, պաշտպանելով անոնց իրաւունքները, արգիլելով որ կաշառակերներն եւ ոճրագործները փախուստ տան արդարադատութենէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անբաւարար նկատեց կարգ մը պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը ՝պատժելու համար մարդկային էակի շահագործումը, նա մանաւանդ երբ այդ քաղաքականութիւնը չի դիմագրաւեր այդ հարցին արմատներն ու պատճառները, որոնց շարքին է աղքատութիւնը

Ան յարեց թէ ընկերաբանութեան վերջին տուեալներուն համաձայն. կազմակերպուած ոճրագործութիւնը եւ մարդավաճառութեան անօրէն շուկան իրենց զոհերը կ՝ընտրեն այն արձներուն միջեւ որոնք այսօր ունին ապրելու քիչ հնարաւորութիւններ եւ ապագային նկատմամբ թերահաւատ են ինչպէսն աղքատներն ու մեկսուսացեալները ::

Ֆրանբիսկոս Պապ անհրաժեշտ նկատեց ստեղծել մարդկային համապարփակ խթանման առիթ, սկսելով որակաւոր կրթութենէն՝ մանկութենէն սկսեալ, ապա ստեղծել աշխատանքի առիթներ: «Կրթութիւն եւ աշխատանք որոնք կը կարօտին յոյժ աշխատանքի քաջութեան, համբերութեան, յարատեւողականութեան ինչպէս նաեւ կը կարօտին միացեալ եւ համաշխարհային ջանքերուն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց «Մենք քրիստոնեաներս բոլորս կանչուած ենք յաւելեալ գործակցութեան որպէսզի վերացուին անհաւասարութեան ու խտրականութեան բոլոր ձեւերը, որոնք կը թոյլատրեն, որ մարդը ստրուկ դառնայ այլ մարդու մը»:

Պատկերասփռուած պատգամին աւարտին ֆրանչիսկոս մաղթանք յայտնեց որ վերոնշեալ գիտաժողովը արդիւնաբեր դառնայ ու Տիրոջմէ հայցեց որ օրհնէ գիտաժողովին մասնակիցներն ու անոնց աշխատանքը եւ պատգամը եզրափակեց բոլոր ներկաներէն խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար:

Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը


 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2018, 14:08