Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը «Ամենասուրբ հաղորդութեան» Ժողովրդապետութեան մէջ։

«Սէրը կը յայտնուի գործերուն մէջ եւ ոչ թէ խօսքերով» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 մայիս 2018-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն տուաւ Հռոմի Թոր Տէ Սքիավի շրջանի « SS. Sacramento – Ամենասուրբ Հաղորդութիւն» Ժողովրդապետութեան, այնտեղ գլխաւորելով կիրակնօրեայ Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին փոքրիկ հիւանդ աղջկայ մը ու անոր մայրիկին  մատակարարեց դրոշմի խորհուրդը, մինչ Սուրբ պատարագէն առաջ օրհնեց անկարներու յատկացուած ժողովրդապետութեան նորակառոյց «երջանկութեան տուն»  կեդրոնը։

Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն, խրախուսեց ներկաները մնալու Յիսուսին սիրոյն մէջ ու  խնամք տանելու ուրիշներուն։ Յիսուս  արդարեւ իր աշակերտներուն կը պատգամէ պահել իր պատուիրանները ու մնալ իր սիրոյն մէջ։ Այդ սէրը սակայն «ֆիլմերու» մէջ   ներկայացուած սէրը չէ։ Սէրը աշխատանք է,  ըսաւ Քահանայապետը, հրաւիրելով մտաբերել մօր մը գուրգուրանքն ու սէրը, անոր  խնամքն ու զոհաբերումը։

Ունկնդրէ լուրը

«Սէրը կը յայտնուի գործերուն մէջ եւ ոչ թէ խօսքերով» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Աստուծոյ սիրոյն որ վերապահուած է մարդկութեան, որ Զինք մղեց իր Միածին Որդին ղրկել մեր փրկութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց ապա չարախօսութիւններէն  ու հրաւիրեց հեռու մնալ նման արարքներէն։ 

Քարոզէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը դրոշմի խորհուրդը մատակարարեց Փոքրիկն հիւանդ Մայային ու անոր մօր Փաոլային որ անձնուէր մեծ սիրով ու զոհողութիւններով խնամք կը տանի իր այդ փոքրիկ հրեշտակին որ կարողութիւն չունի արտայայտուելու։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Եկեղեցւոյ տարածքին համախմբուած հաւատացեալները անգամ մը եւս յանձնարարելով մնալ սիրոյ մէջ՝ Յիսուսին սիրոյն մէջ, ապա  ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը վերանորոգելով՝ իրեն համար աղօթքի խնդրանքը։

Նախ քան Պատարագը մատուցանելը Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն, կամաւորներուն, հիւանդներուն  ու տարեցներուն հետ։

Այդ հանդիպումներու  ընթացքին Սրբազան Պապը անգամ մը եւս շեշտեց մեծ մայրիկներուն ու մեծ հայրիկներուն կարեւորութիւնը, եւ ընդգծեց օճախներէն ներս սիրոյ բարբառով խօսելու հարկաւորութիւնը, ինչպէս նաեւ զաւակներուն մեծ ուշադրութիւն դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, յատկապէս խաղալով եւ զրուցելով անոնց հետ, որովհետեւ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը «սիրոյ ծիլը ընտանիքն է եւ այն ինչ որ ընտանիքէն ներս կը դաստիարակուի դիւրին չէ դուրսը գտնել»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով ապա մի քանի եկեղեցականներու սխալ ապրելակերպին ու  անոնց տուած  գէշ վկայութիւններուն  հրաւէր ուղղեց կղերական դասին ըլլալու միշտ աւելիով կարեկից, մօտիկ ըլլալ հաւատացեալներուն…«Աւետարանը  չի քարոզուիր խօսքով,  այլ կը քարոզուի մօտիկութեամբ, վկայութիւն տալով, հետեւողականութեամբ» ըսաւ Քահանայապետը ապա հրաւիրեց մանուկներն ու պատանիները եւս աղօթելու իրենց ծնողքներուն համար ու այս վերջիններուս յորդորեց նոյնը ընել իրեն զաւակներուն համար, ապա տարեցներու ու հիւանդներու հետ հանդիպումի ընթացքին հրաւիրեց զանոնք փոխանցելու հաւատքը, փոխանցելու իմաստութիւնը։ «Դուք՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, եկեղեցւոյ հարստութիւնն էք, ու տակաւին կարեւոր դեր մը ունիք ընկերութեան մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2018, 09:32