Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցը Հռոմի «Ամենասուրբ Հաղորդութիւն» ժողովրդապետութեան

Այցելութեան ծիրէն ներս Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան զանազան ձեռնարկներու կամաւորներուն հետ ու բացումը կը կատարէ«երջանկութեան տուն» կեդրոնին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 մայիս 2018-ի յետմիջօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շարունակելով իր թեմին՝ Հռոմի ժողովրդապետութիւններու տուած հովուական այցելութիւններու աւանդութիւնը, կ՛այցելէ Հռոմի Թոր Տէ Սքիավի շրջանի « SS. Sacramento – Ամենասուրբ Հաղորդութիւն» Ժողովրդապետութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիսանայ երրորդ Քահանայապետը որ կ՛այցելէ վերոնշեալ ժողովրդապետութիւնը։ Առաջինը եղաւ Պօղոս Զ որ 1972-ի Յունիս մէկին, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնին առթիւ, հովուական այցելութիւն տուաւ ժողովրդապետութեան եւ այնտեղ գլխաւորեց Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնը։ Անոր յաջորդեց Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ՝ 14 մարտ 1993-ին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանէն կը մեկնի ինքնաշարժով ժամը 15.15-ին եւ կէս ժամ ճանապարհորդութեան աւարտին կը ժամանէ Թոր Տէ Սիքավի շրջան ուր կը դիմաւորուի Հռոմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոսի՝ Գերապայծառ Անճելօ Տէ Տոնիթիսի կողմէ, ինչպէս նաեւ Եկեղեցւոյ Տիտղոսաւոր Կարդինալ՝ Խոսէ Կրէկորիօ Ռոզա Շավես, եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Մաուրիցիօ Միրիլլի ու անոր օգնական վարդապետներու կողմէ։ Ներկայ կը գտնուի նաեւ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն՝  Միջազգային Քարիթասի նախագահը որ յատուկ կապ ունի ժողովրդապետութեան «երջանկութեան տուն»  կեդրոնի ծրագրին հետ։

Հովուական այցելութեան ծիրէն ներս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներու հետ, պատասխանելով անոնցմէ ոմանց կողմէ իրեն ուղղուած  չորս հարցումներու, ապա կը հանդիպի հիւանդներուն եւ տարեցներուն հետ եւ ժողովրդապետութեան զանազան ձեռնարկներու կամաւորներուն հետ, հուսկ բացումը կը կատարէ ժողովրդապետութեան «երջանկութեան տուն» նորակառոյց  կեդրոնին ուր կը հանդիպի այդ կեդրոնին մէջ անմիջապէս բնակութիւն հաստատող 7 անկարներու հետ։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ նախ քան հովուական այցելութեան եզրափակիչ պատարագը մատուցելը, ժողովրդապետութեան սրահներուն մէջ կը մատակարարէ նաեւ խոստովանանքի խորհուրդը, մինչ հանդիսաւոր սուրբ զոհի ընթացքին դրոշմի խորհուրդը կը մատակարարէ ժողովրդապետութեան անդամ մէկ հիւանդ փոքրիկ աղջկայ մը ու անոր մօր։

Սրբազան Արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղելէ ետք ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ տարածքին համախմբուած հաւատացեալներուն, հրաժեշտ առնելով բոլորէն վերադարձ կը կատարէ Վատիկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/05/2018, 10:27