Ֆրանչիսկոս Պապի մայիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան պատգամը:

Աղօթենք աշխարհական հաւատացեալներուն համար որպէսզի կարենան իրենց իւրայատուկ առաքելութիւնը կատարել

Հինգշաբթի, 3 մայիս 2018-ին, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի մայիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութեան մասին լսատեսողական պատգամը:

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը կ՝ըսէ.

Աշխարհականները եկեղեցւոյ կեանքի ամենէն յառաջադէմ գիծին վրայ կը գտնուին

Կարիքը ունինք անոնց վկայութեան՝ աւետարանի ճշմարտութեան մասին, ու անոնց օրինակին՝  հաւատքը արտայայտելու, զօրակցութեան արարքներու միջոցաւ։

Շնորհակալութիւն յայտնենք այն աշխարհականներուն, որոնք վտանգի կ՝ենթարկուին, որոնք վախ չունին  եւ որոնք ամենաղքատներուն, մեկուսացեալներուն ու բացառուածներուն կը շնորհեն յուսալու պատճառ մը:

 Այս ամիս  աղօթենք, որպէսզի աշխարհական հաւատացելաները կատարեն իրենց իւրայատուկ առաքելուլթիւնը, առաքելութիւնը որ ընդունեցան սուրբ մկրտութեամբ, իրենց ստեղծագործութիւնը դնելով  ի ծառայութիւնժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրներու ծառայութեան ի սպաս:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2018, 14:02