Զուիցերական Պահակագունդը Զուիցերական Պահակագունդը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Զուիցերական Պահակագունդի անդամներուն։

«Նոյնիսկ երբ համազգեստը չունիք ձեր վրայ Զուիցերացի Պահակը կը մնայ միշտ պահակ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 4 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, յառաջիկայ 6 մայիսին նախատեսուած  Զուիցերական Պահակագունդի նոր անդամներու երդման արարողութեան առիթով, ունկնդրութիւն  շնորհեց պահակագունդի անդամներուն ու անոնց հիւրերուն։

Հանդիպման առթիւ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Զուիցերական պահակագունդի անդամները, Վատիկանի մէջ մատուցելով իրենց ժամանակաւոր ծառայութիւնը, առիթը ունին փորձարկելու Եկեղեցւոյ Տիեզերականութիւնը ու մաղթեց որ այդ ժամանակահատուածը ամրապնդէ անոնց հաւատքը ու անոնց մէջ աճեցնէ եկեղեցական հասարակութեան պատկանելիութեան ըմբռնումը։ 

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նշեց ապա թէ Զուիցերական Պահակը թանկարժէք առօրեայ ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին, Հռոմի Քուրիային ու Վատիկանի Պետութեան, ու թէ այդ աշխատանքը կը կայանայ Քահանայապետին ցուցաբերուած այն յարատեւ հաւատարմութեան մէջ,  որուն նշանակալից պահը հանդիսացաւ 6 մայիս 1527 թուականը, «երբ ձեր նախորդները «Հռոմի թալանումի» ընթացքին  իրենց կեանքը զոհեցին ի պաշտպանութիւն Քահանայապետին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ «այդ հերոսական արարքին յիշատակը յարատեւ հրաւէր  է ի միտ ունենալու եւ իրականացնելու պահակագունդի նպատակները. յարատեւողական կերպով ապրիլ կաթողիկէ հաւատքը, պահպանել Յիսուսին հետ բարեկամութիւնը ու Եկեղեցւոյ նկատմամբ սէրը, ըլլալ ուրախ եւ ջանասէր ըլլայ մեծ ըլլայ փոքր եւ ըլլայ խոնարհ առօրեայի գործերուն մէջ, քաջութիւն եւ համբերութիւն, վեհանձնութիւն ու զօրակցութիւն ցուցաբերել բոլորին»։

Այս բոլորը առաքինութիւններ են որոնց կանչուած էք երբ ձեր ծառայութիւնը կը մատուցէք Վատիկանի մէջ, նոյնիսկ երբ համազգեստն ալ չունիք ձեր վրայ, որովհետեւ Զուիցերացի Պահակը միշտ կը մնայ պահակ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու հրաւիրեց ներկաները երբեք չի յոգնիլ Յիսուսին հանդիպելու աղօթքին մէջ, ըլլայ հասարակական ըլլայ անձնական աղօթքի մէջ, ինչպէս նաեւ ունկնդրելու Աստուծոյ Խօսքը մասնակցելով պատարագի արարողութեան։

«Վատիկանի ու այլուր ձեր աշխատանքի արդիւնաւէտութեան գաղտնիքը՝ անընդհատ յղումն է Քրիստոսին» հաստատեց հուսկ Սրբազան Քահանայապետը իր անկեղծ շնորհակալութիւնը յայտնելով Զուիցերական Պահակագունդի բոլոր անդամներուն ու գնահատելով անոնց արհեստավարժ  ծառայութիւնը։ Ան ապա բոլոր ներկաներուն ապահովեցուց իր աղօթքները խնդրելով անոնցմէ որ իրենց կարգին աղօթեն իրեն համար ու այդ աղօթքներով օգնեն որ Ինք կարենայ լաւապէս ծառայել եկեղեցւոյ։

Ճառին աւարտին Սրբազան Պապը  հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի ու Զուիցերական Պահակագունդի պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը ու բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 12:29