Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Կաթողիկէ բժիշկներու միջազգային դաշնութեան» անդամները Վատիկանի մէջ։

Սրբազան Պապը քաջալերեց համագործակցիլ բոլոր այն անհատներուն եւ իշխանութիւններուն հետ որոնք կը կիսեն կեանքի նկատմամբ սէրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 28 մայիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց «Կաթողիկէ բժիշկներու միջազգային դաշնութեան» անդամներուն, որոնք յառաջիկայ օրերուն՝ 30 մայիսէն մինչեւ 2 յունիս 2018-ին, Զակապրիայի մէջ գումարած են Դաշնութեան 25-րդ լիագումար նիստը, որուն կեդրոնական նիւթը պիտի ըլլայ «Կեանքի սրբութիւնը ու բժշկութիւնը «Humanae Vitae» էն մինչեւ«Laudato si»։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց բժշկական ասպարէզէն ներս «Կաթողիկէ բժիշկ» ըլլալու առաքելութեան յանձնառումը՝ բարելաւելու համար աշխարհի արուարձաններու ժողովուրդներու առողջապահական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ հանդիսանալու քրիստոնէական զօրակից վկայութիւն մը։

Ունկնդրէ լուրը

«Եկեղեցին կեանքի ի նպաստ է ու անոր մտահոգութիւնն այն է որ ոչ մի բան ըլլայ կեանքի հակառակ։ Կաթողիկէ բժիշկներ ըլլալ կը նշանակէ ըլլալ առողջապահական գործիչներ՝ որոնք հաւատքէն ու Եկեղեցւոյ հետ հաղորդութենէն կ՛ընդունին խանդավառութիւնը՝ միշտ աւելիով հասուն դարձնելու քրիստոնէական ու մասնագիտական կազմաւորումը, միշտ աւելի լաւ ծառայելու համար կեանքին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Պօղոս Զ Քահանայապետի Humanae vitae շրջաբերականէն խօսքը ու մատնանշեց կաթողիկէ բժիշկներու Եկեղեցւոյ առաքելութեան հետ համագործակցութեան՝ խթանելու ու պաշտպանելու մարդկային կեանքը, սաղմէն մինչեւ մահ, ինչպէս նաեւ զարգացնելու գոյութենական որակը, տկարներու յարգանքը ու բժշկութեան մարդկայնացումը։

«Այս մէկը կը պահանջէ քաջութիւն» ըսաւ Քահանայապետը, ու քաջալերեց ներկաները յարատեւելու այդ ճանապարհին վրայ, հրաւիրելով զանոնք միշտ վերահաստատելու հիւանդին կեդրոնականութիւնը՝ որպէս մարդ անհատ ու անոր արժանապատուութիւնը որպէս անոր անբաժան իրաւունք, ու «առաջին կարգին կեանքի իրաւունքը», ըսաւ Քահանայապետը այս ծիրէն ներս հրաւիրելով նաեւ օրէնսդրական գետնի վրայ  ջանք դափել՝ որպէսզի այնտեղ եւս չպակսի մտքի ու կարծիքի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութիւնը, նկատի ունենալով որ բժիշկին դերը կարելի չէ սահմանափակել հիւանդին կամ առողջապահական համակարգի կամքին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց հուսկ Զակապրիայի մէջ կայանալիք Դաշնութեան համագումարին, ձեռնարկը նկատելով նշան՝ Եկեղեցւոյ կեանքի ու առաքելութեան մասնակցութեան, որ «անհրաժեշտ է», ըսաւ Ան հրաւիրելով նաեւ այս ծիրէն ներս ներառելու Եկեղեցական կառոյցները ու միասնաբար ծառայելու կարիքաւորներուն ու տառապողներուն, անոնց փոխանցելով մարդկայնութեան հարստութիւնները ու աւետարանական կարեկցութիւնը։ 

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց շեշտը դնելով մասնաւորապէս բժիշկներու «կեանքի վկայութեան» վրայ ու քաջալերեց զանոնք ուրախութեամբ յարատեւելու իրենց ուղեւորութեան մէջ համագործակցելով բոլոր այն անհատներուն եւ իշխանութիւններուն հետ, որոնք կը կիսեն կեանքի նկատմամբ սէրը ու կը ջանան ծառայել անոր, անոր արժանապատուութեան ու անոր սրբութեան։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարաիմը, աջակցի ձեր մտադրութիւններուն որոնց կ՛ընկերանամ իմ Օրհնութեամբս ու բարեհաճեցէք աղօթել ինծի համար։ Շնորհակալութիւն. ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2018, 12:13