Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Բարթողոմէոս Ա 

Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ Բարթողոմէոս Ա եւ «Centesimus Annus» հիմնարկի անդամներուն։

Ձեզ կը քաջալերեմ յարատեւելու այդ յանձնառումին մէջ, որ կը սատարէ կառուցելու տնտեսական արդարութեան, հաւասարութեան ու ներառումի համաշխարհային մշակոյթ մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 26 Մայիս 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Կ. Պոլոսյ Տիեզերական Պատրիարք՝ Նորին Սրբութիւն Բարթողոմէոս Ա. որ Հռոմ կը գտնուի իր մասնակցութիւնը բերելու համար  Քահանայապետի ի նպաստ  «Centesimus Annus» հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձի նշումի միջազգային ձեռնարկին։ 

Բարթողոմէոս Պատրիարքի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց օրէնսդրական փաստաթուղթերու քահանայապետական խորհուրդի վաստակաւոր նախագահ՝ Կարդինալ Ֆրանչեսքօ Քոքքոփալմիերոն, ապա Օփուս Տէյ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւորը՝ գերապայծառ Ֆերնանտօ Օքարիզ Պրանիան։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց Գերմանիոյ Դաշնային հանրապետութեան «Պունտըսրադի» նախագահ՝ Տիար Միքայել Միւլլէրը ապա Փերուի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահական կազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ՝ գերապայծառ Էկթոր Միկել Քապրէոս Վիտարթէին։

Ժամը 11.30-ին Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի «Ռեճա» դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց «Centesimus Annus - Pro Pontifice» քահանայապետի ի  նպաստ հիմնարկի 500 անդամներուն ու հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին մասնակցողներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ 25 տարիներ առաջ հիմնադրուած  հիմնարկի առաքելութիւնն  ու գործունէութիւնը «ճանչցնելու Եկեղեցւոյ Ընկերային Վարդապետութիւնը» հաստատեց թէ անոնց յանձնառումը կը մնայ տակաւին անհրաժեշտ, ի տես այսօրուայ տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրներուն որոնց առջեւ կը գտնուի միջազգային հասարակութիւնը ու այս ծիրէն ներս ակնարկեց տնտեսական  համակարգի տագնապներուն, որոնք ունին «բարոյական  ծաւալ» եւ կապուած են եսասէր ու բացառումի մտայնութեան մը որ յառաջացուց «մնացորդի մշակոյթ» մը որ «կոյր» կը ձեւանայ ամէնէ խոցուածներուն մարդկային արժանապատուութեան դիմաց։

Այս մէկը կարող ենք նկատել աճ արձանագրող «անտարբերութեան համաշխարհայնացումի» մէջ, յարեց Սրբազան Պապը ակնարկելով նաեւ մարդկային համապարփակ զարգացումին դիմաց գտնուող  խոչընդոտներուն ինչպէս նաեւ համաշխարհային գետնի վրայ գաղթականութեան երեւոյթին։

Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ Հիմնարկը ունի իւրայատուկ ու կարեւոր դեր մը՝  Աւետարանի լոյսն ու պատգամը տանելու մարդկութեան, ու սատարելու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Ան ապա հաստատեց թէ գոյութիւն ունի անքակտելի զօդ մը՝ ընդմէջ բարոյականութեան մը որ կը յարգէ մարդ անհատն ու հասարակաց բարիքը եւ տնտեսա-ֆինանսական համակարգի իսկական գործադրութեան, ու այս ծիրէն ներս ընդգծեց ամէն մէկ անհատի եւ իշխանութեան յանձնառումի  հարկաւորութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց ապա Հիմնարկի կողմէ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովի նիւթին «Թուային դարաշրջանի Նոր քաղաքականութիւններ ու նոր կեանքի ապրելակերպ» այս մէկը նկատելով նաեւ օժանդակութիւն՝ Եկեղեցւոյ մտահոգութիւններուն, ընտանիքներու ու երիտասարդներու ապագայի նկատմամբ ու այս ծիրէն ներս շեշտեց համամիութենական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ. «Սիրելի բարեկամներ, բաժնեկցելով ձեր փորձառութիւններն ու գիտութիւնները ու փոխանցելով Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան հարստութիւնները, դուք կը ջանաք կազմել ղեկավարներու խիղճեր՝ քաղաքական, ընկերային ու տնտեսական ասպարէզներէն ներս։

Ձեզ կը քաջալերեմ յարատեւելու այդ յանձնառումին մէջ, որ կը սատարէ կառուցելու տնտեսական արդարութեան, հաւասարութեան ու ներառումի համաշխարհային մշակոյթ մը։

Գնահատելով ու շնորհակալութիւն յայտնելով ձեր իրագործած աշխատանքին համար, ձեր ապագայի յանձնառումը կը յանձնեմ Աստուածային նախախնամութեան։ Ձեր վրայ, ձեր գործընկերներուն ու ընտանիքներուն վրայ, ի սրտէ կը հայցեմ Տիրոջ առատ օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 13:00