Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ռումանիոյ վարչապետուհին Տիկին Վիորիքա Տանչիլա

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Ռումանիոյ վարչապետուհիին հետ հանդիպման մասին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ին, Վատիկանի առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ռումանիոյ վարչապետուհին՝ տիկին Վիորիքա Տանչիլան, որմէ ետք վարչապետուհին հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ երկիրներու հետ յարաբերութեան բաժանմունքի քարտուղար Գերապայծառ Ռիչարտ Կալլակերին:

Այս մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ վերոյիշեալ հանդիպումները տեղի ուենցած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ, որուն ընթացքին քննարկուած են Սուրբ Աթոռի եւ Ռումանիոյ միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական մարզէն ներս զործակցութեան ի նպաստ ձեռքբերուած յաջողութիւնները:

Ընդհանուր ակնարկ կատարուած է այժմէական կարգ մը նիւթերու մասին, որոնց շարքին Ռումանիոյ մէջ ընկերային կեանքէն ներս համերաշխութեան կարեւորութիւնը ՝ հասարակաց բարիքի ի նպաստ:

Քննարկումի նիւթ եղած է նաեւ եւրոպայի ապագայի հայող նիւթեր, ի տես Եւրոպական խորհուրդի նախագագահութեան պաշտօնի ստանձնման,  որուն պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ռումանիան, 2019ին առաջին կիսամեային:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2018, 15:59