Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ պապը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Պենետիկտոս ԺԶ պապը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրեց Պենետիկտոս ԺԶ-ի 3-րդ հատորին նախաբանը

Լոյս կը տեսնէ Պենետիկտոս Պապին յօդուածներու 3-րդ հաստորը ֆրանչիսկոս Պապի ստորագրութիւնը կրող նախաբանով

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 11 մայիս 2018-ին, լոյս կը տեսնէ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետին «հաւատք եւ քաղաքականութիւն» նիւթին հայող յօդուածներու հաւաքածոյի երրորդ հատորը՝  «Ազատագրել ազատութիւնը. հաւատք եւ քաղաքականութիւն երրորդ հազարամեակի մէջ»  վերտառութեամբ, որուն նախաբանը կը կրէ ֆրանչիսկոս Պապին  ստորագրութիւնը:

Նախաբանին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ վերոնշեալ յօդուածներու հաւաքածոն կը նկատէ  ուղեցոյց հասկնալու համար մեր ներկան եւ գտնելու համար կայուն  կողմնորոշում մը ապագային նկատմամբ:    Ան ապա քաղաքական գործողութեան մը համար Վաստակաւոր Պապին յօդուածները կը նկատէ որպէս ներշնչումի աղբիւր, ուր քաղաքագէտները հրաւիրուած են իրենց յայտագիրին կեդրոն համարել ընտանիքը, զօրակցութիւնն ու համերաշխութիւնը:  

 «Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան  ազատութեան նիւթը  Վաստակաւոր քահանայապետին համար միշտ եղած  է ուշադրութեան կեդրոն որ զինք երիտասարդութենէն է  վեր մղած է խոկալու  պետութեան  հանդէպ հնազանդութեան սահմաններու մասին՝  ի նպաստ Աստուծոյ հանդէպ հնազանդութեան»  կը գրէ ֆրանչիսկոս Պապ։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ հատորի ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ 11 մայիսին  Հռոմի մէջ ներկայութեամբ  Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահ Մարիա Էլիզապեթթա Ալպերթի  Քազելլաթիի եւ Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր քահանայապետի յատուկ քարտուղար՝ գերապայծառ  Ճորժ Կէյնզուէյնին, ինչպէս նաւ Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Անթոնիօ Թայանիին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/05/2018, 15:28