Pope Francis Pope Francis 

Ֆրանչիսկոս Պապին խօսքը Գերերջանիկ Ռասթիսլաւ մետրոպոլիտին

Մենք քրիստոնեաներս միասնաբար ժառանգեցինք եւ կարիքը ունինք բաժնեկցելու հասարակաց սրբութեան ժառանգը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ուրբաթ, 11 մայիս 2018-ի,առաւօտեան, ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց եւ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Գերերջանիկ Ռասթիսլաւ Մետրոպոլիտին  ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն:

Ունկդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունելով ներկաները իր ուրախութիւնը յայտնեց մետրոպոլիտ Ռասթիսլաւին, Սլովենիոյ Օրթոտոքս եկեղեցւոյ որպէս մետրոպոլիտ հռոմ կատարած իր առաջին ուխտագնացութեան համար, այցելութիւն մը որ կը յաջորդէ Սլովենիոյ առաջնորդարանի մէջ կայացած Քահանայապետական Քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի նախագահ կարդինալ Քոխին կատարած այցելութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մէջբերելով Պօղոս առաքեալին Հռոմէացիներուն ուղղած թուղթէն հատուած մը (14,19) գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ երկու եկեղեցիները միացնող հոգեւոր կապերուն համար, որոնք խթան կը հանդիսանան յարատեւելու փոխադարձ կառուցման եւ փնտռելու հասարակաց խաղութիւնը՝ որ է Յարուցեալին պարգեւը: ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ան ապա երկու եկեղեցիներու միջեւ գոյացած կապերէն յիշեց Հռոմի Սուրբ Կղէմէս անուան հին եկեղեցւոյ մէջ գտնուող Սուրբ Կիւրեղի դամբարանը՝ Սլաւներու առաքեալը, որ քարոզեց հոն ուր մետրոպոլիտ Ռաթիսլաւին իր առաքելութիւնը կը կատարէ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ յայտնելով որ ըստ աւանդութեան Կիւրեղ եւ Մեթոտիս եղբայրները իրենք են որ Ատրիանօ Բ Պապին նուիրեցին Սուրբ Կղեմէսի աճիւնները, արարք մը որ մեզի յիշել կու տան որ մենք քրիստոնեաներս միասնաբար ժառանգեցինք եւ կարիքը ունինք բաժնեկցելու հասարակաց սրբութեան ժառանգը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յայտնեց թէ ինչպէս անցեալ դարերուն անթիւ նահատակներ հաւատարիմ գտնուեցան Յիսուսին՝ նման Սուրբ Կղեմէսին, ինչպէս նաեւ անաստուածութեան հալածանքի շրջանին Սլաւ երկիրներուն մէջ նահատաուեցան անթիւ հաւատացեալներ, այսօր եւս, Աւետարանի պատճառով կը հալածուին եղբայրներ ու քոյրեր որոնց տառապանքները շտապ հրաւէր կը համարուին եւ մեզ կը հարցապնդեն որոնելու յաւելեալ միութիւն: ըսաւ Սրբազան Հարդ հայցելով սուրբ Կիւրեղ եւ սուրբ Մեթոտիս եղբայրներու բարեխօսութիւնը որպէսզի օգնեն մեզի արժեւորելու այս սրբութեան ժառանգութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով Սլաւ առաքեալներուն աւետարանցումի առաքելութեան մասին յարեց թէ անոնք քաջութիւնը ունեցան թարգմանելու աւետարանի պատգամը ՝Սլաւ ժողովուրդներուն յարմար լեզուներով եւ ասոր համար Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Պապ զիրենք հռչակած է եւրոպայի համապաշտպան սուրբեր եւ անոնք մինչեւ մեր օրերը կը մնան բոլորիս համար աւետարանումի օրինակ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տուաւ որ Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիս կրցան շրջանցել քրիստոնեայ հասարակութիւններու տարբեր մշակոյթներու միջեւ բաժանումները եւ այս առնչութեամբ յիշեց ՅՊԲ Պապի խօսքը երկու Սուրբերուն մասին «համամիութեան ճշմարիտ նախահայրեր» որոնք մեզի կը յիշել կու տան որ, միութիւն՝ չի նշանակեր միակերպութիւն այլ զանազանութիւններու հաշտութիւն՝ Սուրբ Հոգիին մէջ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով որ Սուրբ Կիւրեղ եւ Մեթոտիս վկայութիւնները ընկերանան մեզի դէպի միութեան երկարող ուղիին վրայէն, եւ մեց խրախուսեն այդ զանազանութիւնը ապրելու հաղորդութեան մէջ եւ չյուսահատիլ այդ ուղիէն ընթանալու որուն կանչուած են գործելու՝ Տիրոջ կամքին համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը հայցելով Սուրբ Կիւրեղ եւ Սուրբ Մեթոտիս բարեխօսութիւնը որպէսզի օր մը կարենանք հասնիլ ամբողջական միութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/05/2018, 12:38