Որոնել

Փլազա Տէ Մայօ ընկերակցութեան անդամներուն լուսանկար Փլազա Տէ Մայօ ընկերակցութեան անդամներուն լուսանկար 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ Plaza de Mayo” ընկերակցութեան մայրերուն համար

«Աստուած Plaza de Mayo» ընկերակցութեան մայրերը կը կրէ իր սրտին մէջ» ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Madri di Plaza de Mayo ընկերակցութեան հիմնադրութեան 41 ամեակին առիթով, Ֆրանչիսկոս Պապ ձայնագրուած պատգամ մը յղեց տիկին Մարիա Քարէակայի դուստրին՝ Տիկին Էսթեր Պալլեսթրինօ Տէ Քարէակային, որ եղած է վերոնշեալ հիմնարկի հիմնադրուհիներէն մին։

Madri di Plaza de Mayo հիմնարկի անդամները Արժանթինի մէջ ռազմական բռնապետութեան ժամանակ, հրապարակաւ դատապարտաղ են իրենց զաւակներու անհետացումը։ 

Նշենք, թէ Մարիա Քարէակա Փարակուայի քաղաքացուհի էր առեւանգուած  ապա անհետացած արժանթինի մէջ ռազմական բռնատիրութեան շրջանին 1977ին:

Ֆրանչիսկոս Պապին ձայնագրուած պատգամը սփռուեցաւ 30 ապրիլ 2018-ին երեկոյեան՝ Արժանթինին «Քափութ» ռատիոկայանէն, Աննա Մարիա Քարէակայի վարած յայտագիրի մը ընթացքին:

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւն  ողջունելով  Աննամարիան կ՝անդրադառնայ 30 ապրիլ 1977ին հիմնուած Plaza de Mayo մայրերու ընկերակցութեան, յիշել տալով Աննա Մարիային, թէ իր մայրը այլ կիներուն հետ միասին աշխատած ու պայքարած է վասն արդարութեան՝ ըլլայ որովհետեւ անոնք կորսնցուցած էին իրենց զաւակները ըլլայ որպէս պարզ մայրեր որ ականատետ եղած են անթիւ մայրերու զաւակներուն անհետացումին, ապա միացած են պայքարելու նոյն նպատակին համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր վստահութիւնը յայտնելով, որ վերոնշեալ ընկերակցութիւնը ճանչուած է բոլոր աշխարհին մէջ եւ թէ Աստուած ընկերակցութեան մայրերը կը կրէ իր սրտին մէջ ընդգծեց թէ այս մայրերը մեզի սորվեցուցին ուղին, որուն վրայ պէտք ենք ընթանալ՝ յառաջ երթալու համար:

Պատգամին աւարտին  ֆրանչիսկոս Պապ գոհունակութիւն  յայտնեց որ Աննամարիան կը հետեւի  իր մօր քայլերուն եւ այդ քայլերու մասին կը խօսի Արժանթինի Ռատիոկայանէն  սփռուած իր  յայտագիրի մէջ: Ան ապա իր աղօթքը  ապահովեցուց Անամարիային եւ այն բոլոր մայրերուն ու  բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն   որոնք միասնաբար  յառաջ  կը տանին արդարութեան եւ եղբայրութեան ծրագիրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/05/2018, 09:26