Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապը Հռոմի թեմին «Կարիքը կայ քնքշութեան յեղափոխութեան»։

«Խօսեցէք Յիսուսին հետ, խօսեցէք ուրիշի մը հետ, խօսեցէք Եկեղեցւոյ հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 14 մայիսի երեկոյեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի մայր տաճարին մէջ,  հանդիպում ունեցաւ Հռոմի թեմին կղերական դասին հետ որուն առթիւ եզրափակուեցաւ Հռոմի թեմին «Հոգեւոր Հիւանդութիւններու» մասին քննարկումի ուղեւորութիւնը։ Ուղեւորութիւն մը որ ներշնչում գտած է Սրբազան Քահանայապետին «Աւետարանի Ուրախութիւնը» յորդորագիրին մէջ եւ որուն հիման վրայ ներկայացուեցաւ ուղեւորութեան եզրափակիչ զեկոյցը։

Հաւաքը սկիզբ առաւ աղօթքով որմէ ետք  ներկայացումը կատարուեցաւ՝ Թեմական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած եզրափակիչ զեկոյցին ուր կը բացայայտուին «հոգեւոր հիւանդութիւններու» որոշ յատկութիւններ որոնց շարքին «Ես» ի անծայրածիր աճը, քրիստոնեաներու միջեւ երկխօսութեան պակասը, մոլուցքը, հովուական բազմաթիւ առաջարկները, որոնք արգելք կը հանդիսանան մտածականին, ապա աղօթք սորվեցնողներու պակասը ինչպէս նաեւ հասարակութիւններէն ներս աղքատներու անտեսումը ու անոնց պակասը որպէս աւետարանողներ։

Ունկնդրէ լուրը

Խօսք առնելով՝ Սրբազան Քահանայապետը գնահատեց Հռոմի Թեմին այս ձեռնարկը ու պատասխանեց Թեմին Տեղակալ Արքեպիսկոպոսին կողմէ իրեն ուղղուած չորս հարցումներուն, որոնք ըստ էութեան՝ Քահանայապետին ուղղուած խնդրանք մըն են,  լուսաւորելու ճանապարհը ու բուժելու հիւանդութիւնները։

Այս ուղղութեամբ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ «արմատ» բառին վրայ եւ առաջարկեց ընթացք մը. «Մենք մեզմով չի բաւարարուիլ, այլ մտածել թէ պէտք ունինք մէկու մը որ մեզ օգնէ, ու այդ մէկը ուրիշ մէկը չէ եթէ ոչ Տէրը։ Ապա փնտռել խարիզմ ունեցող անձ մը՝ որ ըլլայ հոգեւոր առաջնորդ, անհրաժեշտ չէ որ  անպայման քահանայ մը ըլլայ, կարող է ըլլալ նաեւ ծերունի մը կամ երիտասարդ մը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եւ ի վերջոյ հրաւէր ուղղեց ընթերցումներ կատարել ու կարդալ այնպիսի բաներ որոնք կարող են մեզ օգնել յառաջ ընթանալու համար։

«Խօսեցէք Յիսուսին հետ, խօսեցէք ուրիշի մը հետ, խօսեցէք Եկեղեցւոյ հետ» ըսաւ Սրբազան Պապը, ու շեշտեց «աղօթեցէք, որովհետեւ միակը որ կարող է մեզ բուժել Տէրն է»։

Սրբազան Քահանայապետը եսասիրութեան ու ինքնագնահատումի երեւոյթին դէմ առաջարկեց «ապտակ» մը՝ որ մեզ իրականութեան ու իսկական կեդրոնին վերադարձնէ, ապա զգուշացուց գնոստիկութենէն  ու ընդգծեց ժողովրդական գթութեան նայելու անհրաժեշտութիւնը։

«Մենք պէտք ունինք ժողովուրդով եկեղեցիի մը, մարդացած Յիսուս Քրիստոսով եկեղեցի մը» որովհետեւ «ժողովրդային գթութիւնը մեզ կարող է բուժել» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ապա մատնանշեց հասարակութիւններու ու ժողովրդապետութիւններու մէջ ներդաշնակութեան կարեւորութեան, դիտել տալով թէ այնտեղ ուր չկայ ներդաշնակութիւն՝ մի գուցէ պակասը կայ նաեւ Սուրբ Հոգիին որ է այդ ներդաշնակութեան պատասխանատուն,  այս առընչութեամբ առաջարկելով միշտ «կարդալ Աւետարանը, ամէն օր, որպէսզի միշտ աւելիով լաւ ճանչնանք Քրիստոսը, ապա աղօթել՝ որովհետեւ Աւետարանը կարդալէն ետք, միշտ իղձ կայ բան մը ըսելու Տիրոջ, ու այդ մէկը աղօթք է» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, «Տիրոջ հետ երկխօսութեան մէջ մտնելը աղօթք է» հաստատեց Ան, ապա առաջարկեց երրորդ կէտ մը՝ ողորմածութիւն կատարել։

«Այս երեք արարքները կատարելով մենք կ՛ընթանանք դէպի ներդաշնակութիւն, սակայն այս ընելու համար հարկաւոր է նաեւ խնդրել ներդաշնակութեան շնորհքը՝ իմ ու հասարակութեան կեանքին համար», յարեց Սրբազան Պապը ու խօսքը կեդրոնացուց երիտասարդներուն ու անոնց դերակատարութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անոնց ապրած դժուարութիւններուն վրայ, վերյիշելով անցեալ ամիսներուն Հռոմի մէջ կայացած երիտասարդներու նախասիւնհոդոսական հաւաքը, որ եղաւ «գեղեցիկ, հետաքրքրական ու զօրեղ» փորձառութիւն մը, որմէ ի յայտ եկան երիտասարդներուն ապրած աշխարհին դիւրաբեկութիւններն ու արժէքները, յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «պէտք է որ երիտասարդները  վերադարձնենք իսկական աշխարհ, որպէսզի անոնք դպչին իրականութեան, առանց սակայն կործանելու վերիրական (Վիրթուալ) աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող լաւ բաները, որովհետեւ անոնց ալ պէտք ունինք» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը թելադրելով երիտասարդներուն ողորմութեան գործեր կատարել, որոնք առիթ կու տան շփուելու իրականութեան հետ ու երկխօսութեան մէջ մտնելու այդ իրականութեան հետ։

Հարցումներուն պատասխանելէ անդին Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն յղեց նաեւ պատգամ մը որուն մէջ անդրադարձաւ Աստուծոյ անհուն ողորմութեան մասին ու մեզի համար հարթած ճանապարհի մասին ու այս ուղղութեամբ՝ մատնանշելով Հրեաներու Եգիպտոսի մէջ աքսորին ու անոնց ազատագրումին, նշեց թէ հարկաւոր է նոր դաշինք մը, «պէտք է հարց տանք ո՞վ է այսօր Փարաւոնը որ մեզ ստրուկ կը դարձնէ, ու ասկէ մեկնելով ընդունիլ մեր տկարութիւնները ու հայցել Հօր Աստուծոյ ողորմութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա անդրադարձաւ ժողովրդապետութիւններէն ներս ապրուած վհատութեան նիւթին՝ որ յառաջ կու գայ «յոգնութենէն» որուն դրդապատճառը մեր մէջ փակուիլն է ու դուրսի աշխարհն ու իրականութիւնը անտեսելն է։

«Հարկաւոր է  դուրս ելլել մենք մեզմէ ու մեր «Ես»էն  ու կղզիացումէն, բաց ըլլալ կեանքին եւ ուրիշներուն, դուրս գալ այդ «յոգնութեան» իրավիճակէն ու մտիկ ընել Աստուծոյ կոչին» թելադրեց Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց սկսելու նոր ընթացք մը, նոր Ելք մը, Նոր երթ մը որ վերանորոգէ մեր՝ Աստուծոյ Ժողովուրդի ինքնութիւնը – ըսաւ Ան – հրաւիրելով՝ Մովսէսի նման,  ունկնդրել ժողովուրդին ճիչը, համապատասխանելով Աստուծոյ հրահանգին, ու հանդիպիլ մարդոց ու զանոնք առաջնորդել, ուրիշ մարդոց օգնութեամբ, որոնք արդեն կ՛ապրին Աւետարանը ու Յիսուսին հետ բարեկամութիւնը. ըսաւ Սրբազան Քահանայապետ դատապարտելով անձնականութեան փնտռտուքի ու մեկուսացումի իրողութիւնները ու առաջարկելով քնքշութեան յեղափոխութիւն մը՝ որ բարի պտուղներ պարգեւէ.  Յեղափոխութիւն մը որ վերատեսէ որոշ վարուելակերպեր եւ ձեռնարկներ, միշտ ի միտ ունենալով թէ ու՞ր կ՛երթանք, ինչո՞ւ եւ որո՞ւ հետ կ՛ընթանանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/05/2018, 10:30