Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի անձինք նուիրեալներուն ուղղած խօսքը

«Եղէք պտղաբեր աղօթքով, աղքատութեամբ ու համբերութեամբ»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 4 մայիս 2018-ին, առաւօտեան Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ ունկնդրութիւն շնորհեց Անձինք Նուիրեալք եւ Առաքելական Կեանքի ընկերութիւն Ժողովին կողմէ կազմակերպուած միջազգային գիտաժողովին աւելի քան 700 մասնակիցներուն:
Այս առթիւ անոնց արտասանած սրտաբուխ խօսքին մէջ, Սրբազան Հայրը հաստատեց թէ Սուրբ Հոգին «քաշողական» է որովհետեւ միշտ ալ «ստեղծագործ» է. Ան հեղինակ է տարբերութիւններու ու միեւնոյն ատեն կը ստեղծէ միութիւնը»։ Ան արդարեւ կ՛իրականացնէ Քրիստոսի մարմնոյն միութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը ապա ներկաներուն ուղղեց մի քանի խրատներ «զատորոշումի հարազատ չափանիշեր» գտնելու եւ չի կորսուելու այսօրուայ մռայլ աշխարհին մէջ, ընդգծելով թէ այս չափանիշերն են. աղօթք, աղքատութիւն եւ համբերութիւն որոնք կը կազմեն Նուիրեալ Կեանքին սիւները։
«Աղօթք կը նշանակէ միշտ վերադառնալ առաջին կոչումին, վերադառնալ Տիրոջ եւ կրօնաւոր մը չի կրնար կրօնաւորական կեանք ապրիլ առանց Տիրոջ հետ բարեկամութեան եւ զրոյցին» ըսաւ Քահանայապետը ապա մատնանշելով աղքատութեան, յիշեց Յիսուսեան միաբանութեան հիմնադիր՝ Սուրբ Իգնատիոս Տի Լոյոլայի խօսքը-«Աղքատութիւնը այն մայրն է որ կը պահպանէ կրօնաւորական կեանքը՝ առանց որուն չկայ կրօնաւորական բեղուն կեանք»:
Իսկ համբերութեան մասին արտայայտուելով ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը անդրադարձաւ Յիսուսին համբերութեան, որով Ան հասաւ մինչեւ կեանքին վերջը։ «Առանց համբերութեան ի յայտ կու գան միաբանական ներքին հարցերն ու պատերազմները», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը օրինակ բերելով մի քանի ներողութիւններ որոնք պատճառ դարձան մի քանի հաստատութիւններու փակումին՝ կոչումներու պակասի պատճառաւ։
Երբ միաբանութիւն մը կը սկսի կապուիլ դրամին այլեւս անջատուած կ՛ըլլայ իրականութենէն եւ համբերութենէն որովհետեւ անոր կը պակսի նաեւ այլ չափանիշ մը՝ աղքատութիւնը յարեց Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած սրտաբուխ ճառին աւարտին, ու շեշտեց աղօթքի, աղքատութեան ու համբերութեան կարեւորութիւնը, ապա խօսքը եզրափակեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով հոգեւոր կեանքի պտղաբերութիւն։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/05/2018, 15:06