Որոնել

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը 

ֆրանչիսկոս Պապի հեռագիրը ՅՊԲ Պապի Ակրիճենթօ այցելութեան 25-րդ ամեակի առիթով

Չարին աղէտներուն դէմ պայքարիլ Աւետարանով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 10 մայիս 2018-ին, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի Իտալիոյ Ակրիճենթօ քաղաք այցելութեան 25 ամեակի առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորագիր յղած է  Ակրիճենթօ թեմի հովիւներուն ու հաւատացեալներուն:
Սուրբ ՅՊԲ 25 տարի առաջ Սիկիլիոյ Ակրիճենթօ քաղաքի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին աւարտին քաջութիւնը ունեցած էր կոչ ուղղելու Մաֆիայի անդամներուն,  որպէսզի ապաշխարեն ու դարձի գան։

Ունկդրէ լուրը

Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին յանուն ֆրանչիսկոս Պապի յղած պատգամին մէջ գրած է
Ֆրանչիսկոս Պապ իր եղբայրական ողջոյնը կը փոխանցէ Ակրիճենթօ տեղական եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ու հովիւներուն ինչպէս նաեւ Սիկիլոյ կղզիի բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք համախմբուած են աղօթելու եւ խոկալու:
Նորին Սրբութիւնը կը քաջալերէ միասնաբար ընթանալու երանելի Հայր Փինոյի գծած ուղիին վրայէն ու բոլոր այն մարդոց, որոնք Հայր Փինոյի նման վկայեցին որ չարի աղէտները կը յաղթահարուին՝ առօրեայի մէջ ապրելով աւետարանի հեզութիւնն ու քաջութիւնը, յատուկէն կրթութեան ոլորտէն ներս, երիտասարդներու եւ պատանիներու միջեւ:
Ֆրանչիսկիոս Պապ հայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը իր յատուկ աղօթքը կ՝ապահովէ Սիկիլիոյ եկեղեցւոյ համար եւ սրտանց կը շնորհէ  իր առաքելական օրհնութիւնները եպիսկոպոսներուն , քահանաներուն եւ համայն Աստուծոյ ժողովուրդին: Գրած է կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին պատգամի աւարտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 11:19