Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կոչ ուղղեց աղօթելու Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան համար

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց որ վարդարանի աղօթքը կատարենք Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան դիտաւորութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, 9 մայիս 2018-ին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող Միջին արեւելքէն ժամանած արաբախօս հաւատացեալները, խնդրեց որ Աստուածամօր հանդէպ ունեցած բարեպաշտութիւնը մշակեն վարդարանի ամենօրեայ աղօթքով, յանձնարարելով այդ աղօթքը յատուկէն նուիրել Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի խաղաղութեան համար:

Ունկդրէ լուրը

Կոչին մէջ Սրբազան Հայրը ըսաւ.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մայիս ամիսը նուիրուած է Տիրամօր, ձեզ կը հրաւիրեմ մշակելու Աստուածամօր հանդէպ բարեպաշտութիւնը՝ վարդարանի ամենօրեայ աղօթքով, յատուկէն աղօթելով Սուրիոյ եւ համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը:
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2018, 11:56