Որոնել

Հրապարակային ունկնդրութիւն Հրապարակային ունկնդրութիւն 

9 Մայիսի Հրապարակային Ունկնդրութիւն. Սուրբ Մկրտութիւնը՝ վերածնունդ։

Քրիստոնէական կոչումն է ապրիլ միացած Քրիստոսի հետ Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ մասնակցելով Անոր առաքելութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Չէ՞ք գիտեր թէ մենք բոլորս՝ որ մկրտուեցանք Յիսուս Քրիստոսով, մկրտուեցանք անոր մահո՛վ:  Ուրեմն անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ» Սուրբ Պօղոսի  Հռոմէացիներու ուղղած նամակին վեցերորդ գլուխէն քաղուած սոյն հատուածին վրայ հիմնուելով է՝ չորեքշաբթի 9 մայիս 2018-ին որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ներկայացուց չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ:

Ունկնդրէ լուրը

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մեկնաբանութիւնը մեզ կը մղէ այսօր խօսելու մկրտութեան էական արարողութեան մասին որ է իսկական մկրտութիւնը, այսինքն աւազանին սուրբ ջուրին մէջ երրեակ թաթախումը որուն կ՛ընկերանայ Սուրբ Երրորդութեան ուղղուած աղերսը։

Այս արարքին իմաստին է որ յղում կ՛ընէ Սուրբ Պօղոսը Հռոմէացի քրիստոնեաներուն յղած իր նամակին մէջ, նախ հարց տալով «Չէ՞ք գիտեր թէ մենք բոլորս՝ որ մկրտուեցանք Յիսուս Քրիստոսով, մկրտուեցանք անոր մահո՛վ» ապա պատասխանելով  «Ուրեմն Անոր հետ թաղուեցանք մկրտութեամբ՝ մահուան համար. որպէսզի ինչպէս Քրիստոս մեռելներէն յարութիւն առաւ՝ Հօրը փառքով, այնպէս ալ մենք ընթանանք նոր կեանքի մէջ» (Հռոմ 6,3-4)։

Մկրտութեան աւազանի ջուրին մէջ թաթախումը կը խորհրդանշէ Մկրտութեան թեկնածուին թաղումը Քրիստոսի մահուան մէջ, ուրկէ դուրս կու գայ Անոր յարութեան հետ՝ իբր նոր արարած։ «Այնտեղ կը թաղուի հին մարդը որպէսզի ծնունդ առնէ նոր արարածը» ըսաւ Քահանայապետը մէջբերելով Սուրբ Կիւրեղ Հայրապետին խօսքերը ապա նշելով թէ «Եթէ ծնողները թեկնածուին ծնունդ կու տան աշխարհի կեանքին համար, Եկեղեցին՝ Սուրբ մկրտութեան Խորհուրդի միջոցաւ, անոր ծնունդ կու տայ յաւիտենական կեանքի համար։

Մենք արդարեւ դարձանք Աստուծոյ զաւակներ Անոր Միածին Որդի՝ Յիսուսին միջոցաւ ու մեզմէ իւրաքանչիւրը վերածնաւ ջուրով եւ Սուրբ Հոգիով ու Երկնաւոր Հայրը իր անմահ սիրով  հնչեցուց իր ձայնը ըսելով. «դուն ես իմ սիրելի որդին որուն ես հաճեցայ»։ Այդ հայրական ձայնը որ լսելի չէ ականջին, բայց յստակօրէն կը թափանցէ հաւատացեալի սրտին մէջ, մեզի կ՛ընկերանայ մեր համայն կեանքի ընթացքին - ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ «Վերածնած որպէս Աստուծոյ զաւակներ, մենք այդպէս կը մնանք մինչեւ վերջ, որովհետեւ Մկրտութիւնը կրկնելի չէ ինչպէս գրուած է Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին մէջ «Այս դրոշմանշանը ոչ մէկ մեղքով կը ջնջուի, նոյնիսկ եթէ մեղքը Մկրտութեան արգելք կը հանդիսանայ փրկութեան պտուղներ բերելու մէջ» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 1272)։

Արդ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ մկրտութիւնը կը բիւրեղացնէ, կը սրբացնէ, արդար կը դարձնէ, որպէսի Քրիստոսի մէջ կազմենք միակ մարմին, յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը, անդրադառնալով նաեւ սուրբ իւղերով օծման  խորհուրդին, որով Քահանան այդ իւղով կ՛օրհնէ թեկնածուին ճակատը, արտասանելէ ետք հետեւեալ խօսքերը, որոնք անոր իմաստը կը յայտնեն. «Նոյնինքն Աստուած է որ ձեզ կ՛օրհնէ փրկութեան իւղով, որպէսզի միացած Քրիստոսին՝ Քահանայ, Թագաւոր եւ Մարգարէ, ըլլաք միշտ Անոր մարմնին անդամ, յաւիտենական կեանքին համար»։

Ահա այս է Քրիստոնէական կոչումը, հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ապրիլ միացած Քրիստոսի հետ,  Սուրբ Եկեղեցւոյ մէջ, մասնակից այն նոյն օծումին՝ այս աշխարհին մէջ  կատարելու համար միեւնոյն առաքելութիւնը, պարգեւելով պտուղներ որոնք կը տեւեն առ յաւէտ։

Ոգեւորուած Միակ Հոգիէն, համայն Աստուծոյ ժողովուրդը կը մասնակցի Քահանայ, Թագաւոր եւ Մարգարէ  Յիսուս Քրիստոսի՝ այդ պաշտօններուն, եւ պատասխանատուութիւնը կը կրէ անոնցմէ բխող առաքելութեան եւ ծառայութեան։ Այս կը նշանակէ «մենք մեզ ընծայել որպէս կենդանի, սուրբ եւ հաճելի զոհեր», հաւատքի ու սիրոյ կեանքի միջոցաւ, վկայութիւն տալով Անոր մասին, ու այդ կեանքը դնելով ի սպաս ուրիշներուն, հետեւելով մեր Տիրոջ՝ Յիսուսին օրինակին։

Խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց տարբեր վայրերէ ու երկիրներէ ժամանած հրապարակային ունկնդրութեան մանկացող ուխտաւորները ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն յիշեցնելով թէ կը գտնուինք Մայիս ամսուայ մէջ, որ է Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած ամիսը, ապա յորդորեց մշակել Տիրամօր հանդէպ ջերմեռանդութիւնը, Սուրբ Վարդարանի առօրեայ աղօթքի միջոցաւ, «որպէսզի՝ ըսաւ Քահանայապետը, Անոր նման դուք եւս դառնաք սիրոյ պարգեւ մը բոլորին համար»։

Հրապարակային ունկնդրութիւնը եզրափակուեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/05/2018, 10:00