Ֆրանչիսկոս Պապ աղքատներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ աղքատներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոս ընկերակցութեան անդամները

Իւրաքանչիւր տառապող եւ կարիքաւոր անձին մէջ տեսնել Յիսուսի դիմագիծը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոս անուան ընկերակցութեան աւելի քան 300 անդամները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ իր գնահատանքը յայտնեց յիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն քաղաքի կարիքաւոր անձերուն մատուցած ծառայութեան համար:

Ունկդրէ լուրը

Ան ապա անդրադարձաւ Սուրբ Պետրոս ընկերակցութեան մասին նշելով, որ սոյն ընկերակցութիւնը գեղեցիկ իրականութիւն մըն է , որ տարիներէ ի վեր ծառայութիւն կը մատուցանէ աղքատներուն, պատկերացնելով զայն որպէս եղբայրսիրութեան բերրի եւ հարուստ խաղողի որթատունկ մը,  որ արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ Հռոմի եկեղեցական այգիին:

Նորին Սրբութիւնը ապա յայտնեց, որ ընկերակցութեան անդամները ջանք չեն խնայեր եկեղեցւոյ դիմագիծը դառնալու, որ կը հասնի մինչեւ յետին սահմաններ, հանդիպելու համար այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն որոնք անօթի են եւ ծարաւը ունին ունկնդրութեան, բաժնեկցութեան, աջակցութեան եւ կարեկցութեան, յորդորելով ընկերակցութեան անդամները յարատեւելու սոյն ուղիին վրայէն քաջալերելով նաեւ,  որ իրենց գործունէութիւններուն մէջ երբեք չի վախնան եւ չ՝ամչնան խոցուած եղբօր մարմինէն, հրաւիրելով զանոնք իւրաքանչիւր տառապող եւ կարիքաւոր անձին մէջ տեսնելու Յիսուսի դիմագիծը:

Նորին Սրբութիւնը, Սուրբ Պետրոս անուան ընկերակցութեան անդամները քաջալերեց, որ անոնք քրիստոնէական եղբայրսիրութեան քաջարի միսիոնարները դառնան եւ երբեք չի տքնին Աստուծոյ ողորմածութեան եւ բարութեան վկայութիւններ տալու, դառնալով տառապող եւ յուսալքուած անձերուն մխիթարանքի գործիքներ:

Ֆրանչիկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ Սուրբ Պետրոս ընկերակցութեան առաքելութիւնը առիթ եւ գործիք կը հանդիսանայ ընդառաջելու Սրբութեան կոչին, որ Տէրը իւրաքանչիւրին կ՝ուղղէ: Անոնք իրենց բարեսիրական գործունէութիւններու միջոցաւ թոյլ կու տան, որ Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդէն ընդունուած շնորհքը պտղաբեր ըլլայ սրբութեան ուղիի մը մէջ, որ պտուղն է մեր կեանքին մէջ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ «Սուրբ Պետրոս գանձարանի» դրամահաւաքին համար՝  որպէս նշան Հռոմի եպիսկոպոսի Հռոմ քաղաքի աղքատներուն նկատմամբ հոգածութեան, ապա յորդորեց որ եղբայրասիրական գործունէութիւնները միշտ զօրակցած ըլլան աղօթքէ եւ Աստուծոյ խօսքին մշտական ունկնդրութենէ ապա խօսքը աւարտեց ընկերակցութեան անդամները, անոնց հարազատներն ու առաքելութիւնը յանձնելով Հռոմէացիներու Սալուս Փոփուլի Տիրամօր հովանիին եւ հայցելով Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոսի բարեխօսութիւնը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 12:30