Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը շարք մը նորանշանակ դեսպաններուն։

«Ոչ մէկը կարող է անտեսել անտարբերութեան համաշխարհայնացումը դիմակալելու բարոյական պատասխանատուութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 17 Մայիս 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունելէ ետք Շիքակոյի Արքեպիսկոպոս Կարդիալ Պլէզ Քուփիքը, առաքելական պալատի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ- ունկնդրութիւն շնորհեց Թանզանիայի, Լեզոթոյի, Փաքիստանի, Մոնկոլիայի, Տանիմարքայի, Եթովպիայի եւ Ֆինլանտայի, Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպաններուն, անոնց հաւատարմագրերու ներկայացումին առթիւ, հուսկ 10.30-ին հերթական հանդիպում ունեցաւ Չիլէի Եպիսկոպոսներուն հետ։

Դեպաններուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւնը յայտնելով զանոնք ընդունելուն համար, անոնցմէ խնդրեց որ իր երախտագիտութեան զգացումները փոխանցեն իրենց կառավարութիւններու ղեկավարներուն, անոնց ու անոնց հայրենակիցներուն ապահովեցնելով նաեւ իր աղօթքները։

Նորին Սրբութիւնը ապա հաստատեց թէ միջազգային դիւանագիտութեան աշխատանքը, խթանելու արդարութիւնը ու ազգերու միջեւ շօշափելի ներդաշնակութիւնը, կը հիմնուի մեր մարդկային ընտանիքի միութեան ու անոր ամէն մէկ անհատի բնածին արժանապատուութեան  բաժնեկցուած համոզումին վրայ։

«Ասոր համար է որ Եկեղեցին, իր կարգին, համոզուած է որ դիւանագիտական համայն գործունէութիւնը, պէտք է հայի ամէն մէկ անհատի համապարփակ զարգացումին, ինչպէս նաեւ ազգերու զարգացումին, երկխօսութեան ու համագործակցութեան համընդհանուր շրջանակներու ներքոյ՝ ի ծառայութիւն հասարակաց բարիքին - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ ակնարկեց  այս տարի նշուող Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 70-րդ ամեակին, որ ըլլալու է, ըսաւ Սրբազան Պապը, կոչ մը՝ զօրակցութեան վերանորոգ հայեացքի մը, մեր բոլոր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ, ու յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին աղքատութեան, հիւանդութեան ու ընկճուածութեան բեռին տակ»։

«Ոչ մէկը կարող է անտեսել մեր բարոյական պատասխանատուութիւնը դիմակալելու՝ անտարբերութեան համաշխարհայնացումը ու մենք մեզ անտարբեր նկատենք ի տես անարդարութեան ողբալի իրավիճակներուն, որոնք կը պահանջեն մարդկայնական անմիջական պատասխան մը»  յարեց Սրբազան Քահանայապետը անդրադառնալով նաեւ դարաշրջանային փոփոխութիւններուն, որոնք կը յատկանշեն ներկան, եւ որոնք կը պահանջեն իմաստութիւն ու զատորոշում, այն բոլոր անձերուն կողմէ, որոնք ի սիրտ ունին գալիք սերունդներուն խաղաղ ու բարգաւաճ ապագան։

Մաղթելով ապա որ  դեպաններուն Սուրբ Աթոռի մօտ դիւանագիտական գործունէութիւնը զարգացնէ համագործակցութեան հոգին, Սրբազան Քահանայապետը վստահեցուց թէ Եկեղեցւոյ յանձնառումը այս ծիրէն ներս կը մնայ միշտ՝ «կառուցել աշխարհ մը, հիմնուած եղբայրութեան ու խաղաղութեան հոգիին վրայ», ապա մատնանշեց աշխարհը յուզող զանազան հարցերուն, որոնց շարքին՝ ընկալել, պաշտպանել, խթանել ու ներառել անոնք որոնք կը փախչին պատերազմներէն ու անօթութենէն ու յաճախ թիրախ են խտրականութեան, հալածանքի, աղքատութեան ու բնութեան ապականումի։

«Այս հարցին նկատմամբ բոլոր պետութիւնները կանչուած են ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնը, ամէն մին իր կարողութեան համաձայն,  յանձնառու ըլլալով հաշտութեան ու խաղաղութեան գործընթացքին մէջ, որդեգրելով քաղաքական որոշումներ՝ որոնք յատկանշուած ըլլան կարեկցութեամբ, կանխատեսութեամբ եւ քաջութեամբ» ըսաւ հուսկ  Ֆրանչիսկոս Պապ ու ներկաներուն մաղթեց բարի առաքելութիւն, այս ուղղութեամբ ապահովեցնելով նաեւ Հռոմի Քուրիայի համագործակցութիւնը, ապա ներկաներուն, անոնց ընտանիքներուն ու համագործակիցներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ազգակիցներուն վրայ հայցեց ուրախութեան ու խաղաղութեան Աստուածային օրհնութիւններ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2018, 10:37