Որոնել

Ողորմութեան Ուրբաթ օր ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Հռոմի «Էլիզա Սքալա» վարժարանը

Դպրոցը ըլլալու է «հանդիպումի, զարգացումի ու կազմաւորումի վայր»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ողորմութեան յոբելենական Սուրբ տարուան առթիւ սկիզբ առած «Ողորմութեան ուրբաթ օր» ծրագիրը կը շարունակուի: Ուրբաթ, 25 մայիս 2018-ին, յետմիջօրէին ֆրանչիսկոս Պապ՝ ընկերակցութեամբ նոր աւետարանացումի Քահայանապետական խորհուրդի նախագահ՝ Գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլային, այցելեց Հռոմի արուարձանները գտնուող Պորկեզիանա շրջանին ազգային «Էլիզա Սքալա» անուան դպրոցը:

Դպրոց ժամանումին Ֆրանչիսկոս Պապ դիմաւորուեցաւ յիշեալ Վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Քլաուտիա Ճենթիլիի կողմէ ինչպէս նաեւ վարժարանի հարիւրաւոր սաներուն կողմէ:

Հանդիպումի ընթացքին տիկին Ճենթիլի, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուց վարժարանի հակիրճ պատմականը՝ անուանակոչուած վարժարանի նախկին սանուհի «Փոքրիկ Էլիսզա Սքալա» անուամբ, որ 11 տարեկանին մահացած է ծանր հիւանդութեան պատճառաւ:

Փոքրիկ Էլիզա սիրահար ըլլալով գիրքերու եւ գրադարաններուն, անոր հարազատները փափաք յայտնած են ապա վարժարանի մէջ ստեղծած են փոքրիկ գրադարան՝ «Էլիզա Սքալա» անունով:

Այդ օրէն ի վեր գրադարանի մէջ կան աւելի քան 20000 գիրքեր՝ նուիրուած Իտալիոյ բոլոր մարզերէն, եւրոպայի բոլոր երկիրներէն մինչեւ՝ Աւստրալիայէն:

Սրբազան Հայրը վերոյիշեալ դպրոց այցելութեան ընթացքին հանդիպեցաւ փոքրիկ Էլիզայի հարազատներուն հետ , անոնց հետ միասին այցելեց էլիզայի գրադարանը՝ գրադարանին նուիրելով կարգ մը գիրքեր:

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց դպրոցի ու դաստիարակութեան կարեւորութիւնը մասնաւորապէս հաստատելով թէ այդ վայրը ըլլալու է «հանդիպումի, զարգացումի ու կազմաւորումի» վայր։ Ֆրանչիսկոս Պապ այցելութեան ընթացին զրուցեց նաեւ աշակերտութաեանց հետ եւ անշուղտ չի մերժեց անոնց հետ «Սելֆիներ» կատարել։ Քահանայապետի այցը վերջ գտաւ վարժարանի սաներուն կողմէ ներկայացուած փունջ մը երգերով, որմէ ետք Սրբազան Հայրը հրաժեշտ առնելով վարժարանի Տնօրէնուհիէն, անձնակազմէն եւ սաներէն վերադարձ կատարեց Վատիկանի Սանթա Մարթա բնակարան:
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2018, 09:28