Որոնել

Օսթիա շրջանի Սանթա Մոնիքա ժողովրդապետիութիւնը Օսթիա շրջանի Սանթա Մոնիքա ժողովրդապետիութիւնը 

Ֆրանչիսկոս Պապի այցելութիւնը Հռոմի Օսթիա ծովեզերեայ շրջանին

Հռոմի թեմի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապին Օսթիա շրաջնին ացյելութեան մասին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ կիրակի 3 յունիս 2018-ին, Հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի ծովեզերեայ Օսթիա շրջանին, տօնակատարելու համար Յիսուսի Մարմնին եւ արեան տօնը:

Այս մասին Հռոմի թեմը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց թէ ֆրանչիսկոս Պապ Օսթիա կատարած այցելութեան ծիրէն ներս, երեկոյեան ժամը 6,00ին, Սանթա Մոնիքա ժողովրդապետութեան մօտ գտնուող հրապարակին վրայ պիտի նախագահէ Յիսուսի Սուրբ Մարմնի եւ Արեան տօնի Սուրբ համապատարագի արարողութեան, որմէ ետք պիտի գլխաւորէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Թափօրին, որ պիտի հասնի մինչեւ Պոնարիա Տիրամօր ժողովրդապետութիւն ուր Սրբազան Հայրը Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը պիտի շնորհէ բոլոր հաւատացեալներուն:

Քահանայապետին հետ կը համապատարագեն Հռոմի թեմի տեղակալ՝ Արքեպիսկոպոս Անճելօ Տէ Տոնաթիս, Հռոմի թեմի եպիսկոպոսներ եւ Օսթիա շրջանի կարգ մը ժողովրդապետներ:

Սուրբ Պատարագի աւարտին տեղի պիտի  ունենայ Սուրբ Հաղորդութեան թափօր, անցնելով Օսթիա շրջանին կարգ մը թաղերէ:

Յայտնենք, թէ Յիսուսի Մարմնի եւ Արեան տօնը աւելի քան 40 տարիներ կը նշուէր Հռոմի Սան Ճովաննի Լատերանեան տաճարին մէջ: 1978 -ին,  Երանելի Պօղոս Զ-ի օրով սոյն տօնը սկսաւ նշուիլ Հռոմի զանազան շրջաններուն մէջ:

1968ին, առաջին անգամ ըլլալով Մոնթինի քահանայապետը Յիսուսի Սուրբ Մարմնի եւ արեան տօնը նշեց Օսթիա շրջանին մէջ :

«Օսթիա շրջանի մէջ Յիսուսի սոյն տօնի նշումը մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապի նշաններու վարդապետութեան, որ կ՝ուզէ եկեղեցին առաջնորդել դէպի արուարձաններ, նեցուկ կագնլելով դժուար կացութիւններուն» ըսած է Հռոմի թեմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոսը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2018, 09:34