Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալացի երիտասարդներուն ուղղած պատգամը։

Մի մոռնաք որ ձեր կողքին ունիք անպարտելի դաշնակիցներ – Քրիստոս, որ յաւիտենապէս երիտասարդ է. Մարիամ, երիտասարդ կին մը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ, 12 մայիսին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը տեսերիզային պատգամ մը ուղղեց երիտասարդներու որոնք Սան Կապրիէլէ տելլʼԱտտոլորաթա սրբավայրին մէջ կը մասնակցին միջազգային Մարեմեան հսկումին, ի պատրաստութիւն երիտասարդութեան նուիրուած գալիք Սիւնհոդոսին։

Հսկումի նախաձեռնութիւնը կու գայ Թերամօ-Աթրիի եպիսկոպոս Գերպ. Լորենցօ Լէուցցիի կողմէ։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Այս առթիւ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց եպիսկոպոսին՝ անոր նախաձեռնութեան համար։ Ապա անդրադարձաւ վարդարանի աղօթքին՝ ուղղուած Աստուածածնի, որ «մեր օրերու կին մըն է» եւ մեզի ուղղելիք պատգամ մը ունի, ըսաւ Քահանայապետը աւելցնելով թէ «Մարիամ երիտասարդուհի մըն էր երբ հրեշտակը անոր մարդեղութեան պատգամը բերաւ։ Մարիամ նաեւ անկէ ետք մնաց երիտասարդ, հետեւելով իր զաւակին՝ ըլլալով Անոր աշակերտ երիտասարդական կորովով։ Ան հետեւեցաւ իր զաւակին մինչեւ խաչ՝ այն քաջութեամբ որ յատուկ է երիտասարդներու։ Ան՝ վերափոխեալ երկինք, միշտ պիտի մնայ երիտասարդ, որովհետեւ սրբութիւնը անհատը յաւիտենապէս երիտասարդ կը պահէ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Սուրբ Կապրիէլէ տելլʼԱտտոլոլարատայի կերպարին, որ ուսանողներու պաշտպան սուրբն է, երիտասարդ սուրբ մը, որ սիրահարուած էր Աստուածածնի։ Սուրբ Կապրիէլ իր մանկութեան արդէն կորսնցուցած էր իր մայրը, սակայն գիտակից էր, որ երկնքի մէջ ունի երկու մայրեր, որոնք կը հսկէին իր վրայ։ Այսպէս, անոր մէջ զարգացաւ սէրը վարդարանի աղօթքին հանդէպ։

Սրբազան Հայրը ապա բացայայտեց սրբութեան ձգտելու անհրաժեշտութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալներու համար։

Պատգամի երկրորդ կէտին մէջ Սրբազան Պապը ողջունեց աշխարհի չորս կողմ հաւաքուած երիտասարդներուն, որոնք համացանցի միջոցով միացած էին հսկումին եւ կ՛ունկնդրէին անոր պատգամին։

Ֆրանչիսկոս Պապ երիտասարդները դիտեց իբր խաղաղութեան եւ հաշտութեան մարգարէութիւն՝ ամբողջ աշխարհի համար, եւ յատուկ կերպով շեշտեց՝ «Մի՛ բարձրացնէք պատնէշներ, այլ կառուցէք կամուրջներ։ Խանդավառութեամբ միացուցէք ձեզ բաժնող ովկիանոսներու ափերը՝ այն վճռակամութեամբ եւ սիրով, որուն ատակ էք։ Սորվեցուցէք չափահասներուն, որոնց սիրտը շատ անգամ կարծրացած է, որպէսզի անոնք ընտրեն երկխօսութեան, համերաշխութեան ճանապարհը, որպէսզի իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն յանձնեն աւելի գեղեցիկ երկրագունդ մը, աւելի արժանավայել մարդ արարածին»։

Պատգամի երրորդ կէտին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ տարւոյս աշնան գումարուելիք երիտասարդութեան նուիրուած Սիւնհոդոսին, եւ յիշեց, թէ երիտասարդները իրենց խանդավառութեամբ, իրենց ձեռքին մէջ ունին ապագայի բանալին։ Անոնք պէտք չէ վախնան իրենց ձայնը բարձրացնելէ, եթէ նոյնիսկ երբեմն կը սխալին. սակայն կրնան սորվիլ իրենց սխալներէն։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց՝ «մի մոռնաք որ ձեր կողքին ունիք անպարտելի դաշնակիցներ – Քրիստոս, որ յաւիտենապէս երիտասարդ է. Մարիամ, երիտասարդ կին մը. Սուրբ Կապրիէլ եւ բոլոր սուրբերը, որոնք Եկեղեցւոյ տեւական երիտասարդ նկարագրին գաղտնիքը կը կազմեն։»

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 17:03