Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Պատգամ «Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններու» ընդհանուր ժողովին առթիւ։

«Այդ գործունութիւնները ճանչցուեցան Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կողմէ ու այսօր եւս կը շարունակեն 200 տարիներ առաջ սկիզբ առած իրենց ծառայութիւնը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 մայիս 2018-ին բացումը կատարուեցաւ « Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութիւններու» ընդհանուր ժողովին որուն առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց անոնց,  գնահատելով հաստատութեան Եկեղեցւոյ մատուցած առաքելութիւնը՝ «թէեւ քիչ ճանչցուած է» ըսաւ Ան ակնարկելով անոր հիմնադրութեան՝ ԺԹ դարուն, ու անոր անխոնջ աշխատանքին՝ ի նպաստ աւետարանութեան։

«Այդ գործունութիւնները ճանչցուեցան Պիոս ԺԱ Քահանայապետի կողմէ ու այսօր եւս կը շարունակեն 200 տարիներ առաջ սկիզբ առած իրենց ծառայութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը նշելով թէ անոնք ներկայ են 120 երկիրներու մէջ ու կարեւորեց գործունէութիւններու առաքելութիւնը. «աղօթել միսիոնարներու համար՝ ու Եկեղեցւոյ աւետարանութեան գործին համար»։ Աղօթքը արդարեւ «առաջին միսիոներական գործունէութիւնն է» որ ամէն մէկ քրիստոնեայ կարող է ու պէտք է կատարէ, տրուած ըլլալով որ «աւետարանութեան առաջին դերակատարը Սուրբ Հոգին է ու մենք կանչուած ենք Անոր հետ համագործակցելու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով նաեւ միսիոներական գործունէութիւններուն տեղական եկեղեցիներու տրամադրած օգնութիւններուն՝ անոնց հովուական առաքելութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները շարունակելու իրենց աւետարանումի պարտականութիւնը ու Երիտասարդ եկեղեցիներու թիկունք կանգնելու իրենց աշխատանքը, որպէսզի՝ ըսաւ Ան, Եկեղեցին շարունակուի բացուիլ բոլորին եւ ուրախութեամբ հռչակել Աշխարհի Փրկիչ՝ Յիսուս Քրիստոսի բարի Լուրը։

Ի սրտէ շնորհակալութիւն բոլորին։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/05/2018, 10:17