Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արժանթինի երիտասարդներուն։

Գացէք, առանց վախի, եղէք հակահոսանք, աղմկարար, թոյլ մի տաք որ պատմութիւնը գրուի մինչ դուք պատուհանէն կը դիտէք զայն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ներկայութիւն, հաղորդութիւն եւ առաքելութիւն։ Այս երեք բառերու վրայ է որ կը հիմնուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին պատգամը՝ ուղղուած Արժանթինի երիտասարդներուն, երիտասարդութեան ազգային հաւաքի առթիւ, որուն մէջ Քահանայապետը կը խրախուսէ նոր սերունդը ստուերի տակ չի մնալ ու «մասնակից» ըլլալ կեանքի անցուդարձներուն, ապա շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոնց «վարակիչ խանդավառութեան համար, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի ու եղբայրներու նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը

«Յիսուս մեր հետն է ու ներկայ է մեր պատմութեան մէջ» կը հաստատէ Սրբազան Պապը աւելցնելով թէ Յիսուս մեզ ալ կը կոչէ «մարմին» առնելու ու միասին կերտելու սիրոյ քաղաքակրթութիւնը։ Ասոր համար հարկաւոր է մնալ Անոր հետ, Անոր հանդիպիլ աղօթքին մէջ,  Խօսքին մէջ, Խորհուրդներուն մէջ»,  Անոր ժամանակ յատկացնել եւ ունկնդրել Անոր ձայնը։

«Յիսուսին հետ կարելի է նորոգել պատմութիւնը, Յիսուս մեզի կը հանդիպի, մեզ կը բուժէ ու մեզ կը մղէ բուժելու ուրիշները» - կ՛ըսէ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ «պատմութիւնը միայնակ չի գրուիր, զայն կը կերտեն ժողովուրդները, ու եթէ որպէս քրիստոնեայ ուզենանք կերտել զայն, պէտք է միանանք Աստուծոյ Ժողովուրդին, Եկեղեցւոյ մէջ, որպէս ժողովուրդ»։

Ակնարկելէ ետք Հոկտեմբեր ամսոյն կայանայիք երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին, Սրբազան Պապը խրախուսեց երիտասարդները  յանձնառու ըլլալ ու դրական դերակատարութիւն մը ունենալ պատմութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց ապա դէպի դուրս ու առաքեալ եկեղեցի մը ըլլալու հրամայականը. Միսիոնար, սամարացի, ողորմած եկեղեցի մը, որ գիտէ ունկնդրել։

«Գացէք, առանց վախի, եղէք հակահոսանք, աղմկարար, թոյլ մի տաք որ պատմութիւնը գրուի մինչ դուք պատուհանէն կը դիտէք զայն, ձեր կօշիկները հագած դուրս ելէք տուներէն ու Քրիստոսի մարզահագուստով մրցակցեցէք Անոր իտէալներուն համար» կ՛ըսէ Քահանայապետը հրաւիրելով երիտասարդները խնամք տանելու վիրաւոր եղբայրներուն որոնք կը գտնուին ճամբաներուն եզերքները, ու Յիսուսին հետ սերմանելու յոյս, ժողովուրդներուն ու քաղաքներուն մէջ։

«Գացէք Անոր հետ նորոգելու համար պատմութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2018, 08:06