Վատիկանի Քոնչիթորօ դահլիճը Վատիկանի Քոնչիթորօ դահլիճը 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Պելճիքայի «Լոճա» ընկերակցութեան անդամներուն։

«Ի սիրտ ունեցէք բացայայտել, խօսքով եւ գործով, թէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը երբեք փակումի հոմանիշ չէ»։

Ռոպէր Աթթարեան -Վատիկան

Շաբաթ 12 Մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Պելճիքայէն ժամանած «Լոճա» ընկերակացութեան անդամ՝ 100 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը եւ այս առթիւ անոնց արտասանած իր ճառին մէջ  ընդգծեց անոնց գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ «աշխարհիկ» ընկերութեան մը մէջ, ուր մի քանիները կ՛ուզեն կրօնը անտեսել, մինչ «Լոճա» ընկերակցութեան յանձնառումն է «ապրիլ իսկական հաւատք մը, ու փոխանցել այնպիսի արժէքներ, որոնք կարողանան բարի հետքեր թողուլ այս աշխարհի վրայ», ըսաւ Քահանայապետը քաջալերելով նաեւ հանրային կեանքի մասնակցութեամբ եւ իրենց ձեռնարկած զանազան ծրագիրներու միջոցաւ, ի յայտ դնելու Աւետարանի ճշմարտութիւնը ու վկայելու թէ՝ Եկեղեցւոյ իղձն է, ընկերանալ բոլոր այն առաջարկներուն, որոնք կարող են համապատասխանել մարդ անհատի արժանապատուութեան ու հասարակաց բարիքին, հիմնուելով քրիստոնէական հարուտս աւանդութեան վրայ ու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Ի սիրտ ունեցէք բացայայտել, խօսքով եւ գործով, թէ Յիսուս Քրիստոսի մէջ հաւատքը երբեք փակումի հոմանիշ չէ, որովհետեւ այդ  մէկը պարգեւ մըն է, շնորհուած Աստուծմէ, համայն մարդոց՝ որպէս մեղքէն, տրտմութենէն, ներքին դատարկութենէն եւ կղզիացումէն ազատագրող ընթացք մը, որ է նաեւ ուրախութեան ակնաղբիւր՝ որ ոչ մէկը կարող է խլել մեզմէ։

Այս ընելու համար, Սրբազան Քահանայապետը հարկաւոր նկատեց որ ներկաները իրենց աղօթքներով ու Խորհուրդներուն  մասնակցութեամբ, հայցեն միշտ Սուրբ Հոգւոյն ներգործութիւնը, որպէսզի թիկունք կանգնի անոնց, ապա զարգացնել եղբայրութեան կապերը՝ որպէսզի աւելիով բացայայտեն՝   տարբերութիւններու հաղորդութիւնը, որուն վարդապետը Սուրբ Հոգին է։

«Ձեր կեանքի վկայութեամբ աճեցուցէք հանդիպումի ու երկխօսութեան մշակոյթ մը»  ըսաւ ապա Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ ներկաները ըլլալու կամուրջներ կառուցողներ՝ մարդոց ու սերունդներու միջեւ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան զանազան խաւերու միջեւ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով փոքրիկներուն, աղքատներուն ու ընկերութենէն բացառուածներուն։

Սրբազան Պապը խօսքը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյսին հովանին ու բոլորին շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/05/2018, 12:00