Ֆրանչիկսոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիկսոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ 

Ֆրանչիկսոս Պապին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ։

«Մեր մօտեցումը ցաւի ու ամօթի մօտեցում է։ Ցաւ որովհետեւ կան զոհեր. Ամօթ որովհետեւ այդ պղծութիւնները տեղի ունեցան եկեղեցական միջավայրի մէջ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երեքշաբթի 15 մայիսի յետմիջօրէի 4-ին, Ֆրանչիսկoս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ, հանդիպում ունեցաւ Չիլէի 34 եպիսկոպոսներուն հետ։ Այլ հանդիպում մը նախատեսուած է չորեքշաբթի 16 մայիսի յետմիջօրէին, ապա այլ երկու հանդիպումներ՝ հինգշաբթի 17 մայիսին». Հետեւեալ լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն՝ Տիար Կրէկ Պուրքը, որով կը տեղեկացնէ նաեւ թէ Սրբազան Քահանայապետը իւրաքանչիւր եպիսկոպոսին յանձնած է  մտածականներ պարունակող թղթածրար մը, հրաւիրելով զանոնք, մինչեւ յաջորդ ժողով, ժամանակը զբաղեցնել խորհրդածութեան ու աղօթքի պահերով։

Յայտնենք թէ սոյն հանդիպումը կը հանդիսանայ Սրբազան Քահանայապետին առաջին հանդիպումը Չիլէի եպիսկոպոսներուն հետ, միասնաբար քննարկելու  համար Գերապայծառ Շիքլունայի Չիլէ կատարած այցելութիւնէն բխած տեղեկագիրը՝ հայող Չիլէի եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող մանկապղծութիւններուն։

Վերոնշեալ հաւաքին մասին արտայայտուելով, Չիլէի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղարը Գերապայծառ Ֆերնանտօ Ռամոս, հաստատեց թէ «մենք Հռոմ եկած ենք նախ ստանալու գերապայծառ Շիքլունայի եզրափակիչ տեղեկագիրը…մեր մօտեցումը նախ եւ առաջ ցաւի ու ամօթի մօտեցում է։ Ցաւ` որովհետեւ դժբախտաբար կան զոհեր. Անձինք որ թիրախ եղան պղծութիւններու, ու այս մէկը մեզի խոր ցաւ կը պատճառէ։ Ամօթ` որովհետեւ այդ պղծութիւնները տեղի ունեցան եկեղեցական միջավայրի մէջ, ուր  երբեք պէտք չէին իրականանալ։ Ամենայն հեզութեամբ պիտի ունկնդրենք Սրբազան Քահանայապետին խօսքերը։ Այս արդարեւ Չիլէի եկեղեցւոյ համար կարեւոր պահ է, կարեւոր պահ վերանորոգումի» ըսաւ Գերապայծառ Ռամոս։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 08:50