Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի եպիսկոպոսներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Իտալացի եպիսկոպոսներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Իտալացի եպիսկոպոսներուն։

Կոչումներու տագնապ, աւետարանական աղքատութիւն, տնտեսական մատակարարումի թափանցիկութիւն, ու Թեմերու վերակազմակերպում

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Եթէ Փիեմոնթէ թեմին մէջ կոչումները քիչ են ու Փուլիա նահանգի մէջ շատ, մտածեցէք քահանաներու բաժնեկցութիւն կատարել։ Թափանցիկ կերպով մատակարարեցէք Թեմին ինչքերը ու եթէ մէկ մը ընթրիքի հրաւիրէք՝ ձեր ծախսերով հիւրասիրեցէք զայն եւ ոչ թէ Եկեղեցւոյ դրամով։ Ի վերջոյ հարկ է նուազեցնել Թեմերուն թիւը, փոքրիկ թեմերը իրար միացնելով, այնպէս ինչպէս կը խնդրէր Պօղոս Զ-ը, 1964-ին։ Ասոնք հակիրճ կերպով կ՛արտայայտեն Սրբազան Քահանայապետին  մտահոգութիւնները որ փոխանցեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամներուն, սկիզբ տալով համահաւաք դասի տարեկան լիագումար նիստին, որուն ընթացքին հրաւիրեց ներկաները նաեւ իրենց կարծիքը արտայայտելու ու նաեւ ի յարկին քննադատելու զինք «Քահանայապետը քննադատելը մեղք մը չէ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա խօսեցաւ կոչումներու նուազումի մասին, այդ տագնապի դրդապատճառը նկատելով «ժամանակաւորի մշակոյթը, դրամի գերիշխանութիւնը եւ յարաբերականութիւնը, որոնք երիտասարդները կը հեռացնեն նուիրեալ կեանքէն, որուն կ՛աւելնայ նաեւ գաղջ վկայութիւնը եւ գայթակղութիւնները», յարեց Սրբազան Քահանայապետը ապա մատնանշեց Եկեղեցւոյ ինչքերու մատակարարումին, դիտել տալով թէ այդ ինչքերը անձնական սեփականութիւն մը չեն, այս ուղղութեամբ թելադրելով յստակ մատակարարում, ապա գնահատեց Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին՝ այս ուղղութեամբ կատարած գործը, սակայն, ըսաւ Քահանայապետը, «դեր աւելիէն պէտք է ընել»։

Սրբազան Պապը հուսկ անդրադարձ կատարեց Թեմերու վերակազմակերպումի հարկաւորութեան մասին որ՝ ըսաւ Ան, «հովուական պահանջ» է , որ ուսումնասիրուած էր արդեն Պօղոս Զ քահանայապետի կողմէ, որպէսզի Թեմերու մէջ աշխատանքը դարանայ աւելի գործնական։

Սրբազան Քահանայապետը  խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով զինք ունկնդրող եպիսկոպոսներուն ու հրաւիրելով  իրենց կարգին ազատօրէն արտայայտուելու ու այս խօսքէն ետք հաւաքը շարունակուեցաւ դռնփակ։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը խօսքին սկիզբը մատնանշած էր օրուան ծիսական տօնին՝ «Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ» ու հայցած էր Տիրամօր բարեխօսութիւնը ըսելով. «Այս օրուան մէջ՝ Մարիամ Մայր Եկեղեցւոյ, ցոյց տուր մեզի թէ դուն Մայր ես, Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան զգացուր քու մայրութիւնդ, այնպէս ինչէս կ՛ըսէր Սուրբ Իգնատիոս «Թող որ Մարիամ մեզ օգնէ որպէսզի Եկեղեցին ըլլայ Մայր, ու մեր հոգին ըլլայ մայր։ Երեք կիներ։ Մարիամ, եկեղեցի ու մեր հոգին, թող երեքն ալ ըլլան մայր», յարեց Սրբազան Պապը։

Նշենք թէ Իտալացի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի լիագումար նիստը վերջ պիտի գտնէ 24 մայիս 2018-ին, որուն առթիւ նախատեսուած է նաեւ մամլոյ ասուլիս մը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2018, 09:49