Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Նոմատլֆիայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Նոմատլֆիայի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին միօրեայ այցը Նոմատելֆիա եւ Լոփիանօ։

Նոմատելֆիա հասարակութեան նպատակն է հիմնել այլընտրանքային հասարակութիւն մը, հիմնուելով առաջին քրիստոնեայ հասարակորդութիւններուն օրինակին վրայ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 10 մայիս 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կատարեց  Նոմատելֆիայի հասարակութեան որ հիմնուած է Հայր Զենօ Սալթինիի կողմէ (1900-1981), Կրոսսեթօ մարզի մէջ, Ան ապա այցելեց  նաեւ Ֆոքոլարինի շարժումի Ֆիրենցէի նահանգի Լոփիանօ շրջանին մօտ գտնուող միջազգային կեդրոնը։

Սրբազան Պապը Վատիկանէն մեկնեցաւ ինքնաթիռով առաւօտեան 7.30-ին, ու կէս ժամ տեւող ճամբորդութենէն ետք հասաւ Նոմատելֆիայի մարզական դաշտ, ուր դիմաւորուեցաւ Կրոսսեեթոյի եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Ռոտոլֆօ Չեթոլոնիի կողմէ, ինչպէս նաեւ ՆոմատելՖիայի  հասարակութեան նախագահ՝ Տիար Ֆրանչեսքօ Մաթթերացցոյի կողմէ, ապա պահ մը ամփոփուելէ ետք Հայր Զենօ Սալթինիիի դամբանին առջեւ, այցելեց հասարակութեան մաս կազմող ընտանիքները եւ ուղղուելով հասարակութեան կեդրոնի եկեղեցի, հանդիպում ունեցաւ Նոմատելֆիայի բնակիչներուն հետ, որուն սկիզբը՝  Նոմատելֆիայի հասարակութեան երիտասարդները Սրբազան Քահանայապետին ներկայացուցին գեղարուեստական յայտագիր մը, որմէ ետք Սրբազան Քահանայապետը ներկաներուն ուղղեց իր պատգամը։

Յայտնենք թէ 21 մայիս 1989-ին Նոմատելֆիայի հասարակութեան պատմական այցելութիւն տուած էր նաեւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ այդ այցելութեան ընթացքին առիթը ունեցած էր հանդիպելու հասարակութեան հիմնադիր՝ Հայր Զենոյի հետ։

Նոմատելֆիայի հասարակութեան կեդրոնը կառուցուած է « Fossoli» անուամբ նախկին համակեդրոնացան վայրի մէջ 14 փետրուար 1948-ին. Քրիստոնէական սէրը այդ մահուան վայրը դարձուց վայր կեանքի եւ յոյսի։ Նոմատելֆիա հասարակութեան նպատակն է հիմնել այլընտրանքային հասարակութիւն մը, հիմնուելով առաջին քրիստոնեայ հասարակորդութիւններուն օրինակին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 09:14