Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Նոմատելֆիայի հասարակութեան

«Ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, ան է իմ եղբայրս, քոյրս եւ մայրս»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի,10 մայիս 2018-ին,Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Իտալիոյ Կրոսեթթօ մարզի Նոմատելֆիա հասարակութիւնը։ Նոմատելֆիա կը նշանակէ «եղբայրութիւնը օրէնք է»։ Հասարակութեան հիմնադիրն է Հայր Զենօ Սալթինին:

Յիշեալ հասարակութեան առաքելական այցելութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ տեղւոյն եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում ունեցաւ Նոմատելֆիա հասարակութեան անդամներուն ու խումբ մը երիտասարդներուն հետ եւ այս առթիւ արտասանած իր ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Նոմատելֆիայի հասարակութիւնը նկատեց մարգարէական իրականութիւն մը որ նպատակ ունի իրականացնել նոր քաղաքակրթութիւն մը՝ ապրելով աւետարանը որպէս բարի եւ գեղեցիկ կեանքի ապրելակերպ:

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը ապա անդրադարձաւ ՆոմատելՖիա հասարակութեան հիմնադիր Հայր Զենոյին, նշելով որ ան իր առաքելական եռանդով ինքզինք նուիրեց՝ հողը պատրաստելու Աւետարանի սերմանումին համար, որպէսզի կարենայ արտադրել նոր կեանքի պտուղներ, դիտել տալով, որ հայր Զենոն քաջ գիտէր յարմար եղանակի եւ իր ձեռքերը մաճին վրայ դնելու ժամանակը՝ հողը պատրաստելու համար:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց եղբայրութեան օրէնքի մասին, որ կը բնորոշէ Նոմատելֆիա հասարակութիւնը, յարեց թէ Հայր Զենոյի երազն ու իր գոյութեան նպատակը եղած է հիմնել հասարակաց կեանք մը, քաղուած Գործ առաքելոցին մէջ ներկայացուած հասարակութեան տիպարէն « Հաւատացեալներու բազմութիւնը մէկ սիրտ ու մէկ հոգի էր: Ոչ ոք իր ինչքերը իրեն սեփական կը համարէր, այլ ամէն ինչ հասարակաց էր: (Գործ Առաք 4, 32): Ան ապա յորդորեց շարունակել ապրիլ աւետարանի հասարակութեան ապրելակերպի օրինակին վրայ հետեւելով եւ վստահելով նաեւ Աւետարանի եւ Սուրբ Հոգիին զօրութեան՝ իրենց քրիստոնէական վկայութեան միջոցաւ :

Ֆրանչիկոս Պապ անդրադարձաւ Հայր Զենոյի մասին, նշելով որ ան ՝որբ մանուկներուն տառապանքներուն դիմաց հասկցաւ, թէ անոնք լոկ սիրոյ ոճը կը հասկնային: Հայր Զենոն գիտցաւ բացայայտել ընկերութեան նոր տիպար մը, որուն մէջ տեղ չկայ կղզիացումի եւ ոչ իսկ մեկուսացումի, այլ ընտանիքներուն միջեւ գործակցութեան սկզբունք մը, որուն անդամներ իրար զիրար կը ճանչնան որպէս հաւատքի մէջ եղբայրներ:

Նոմատելֆիա հասարակութեան մէջ ՝ ընդառաջելով Տիրոջ յատուկ կոչումին, հաստատուեցաւ աւելի ամրապնդուած կապեր, քան ազգականներուն կապերը: Իրականացուեցաւ Յիսուսի հետ արիւնակցութին, նման անոր, որ կը վերածնի ջուրէն եւ Սուրբ Հոգիէն Աստուածային վարդապետին խօսքին համաձայն: «Ով որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, ան է իմ եղբայրս, քոյրս եւ մայրս»:

Ֆրանչիսկիս Պապ ընդգծեց Նոմատելֆիա հասարակութեան մարդկայնութեան այլ մարգարէական նշան մը որ է տարեցներուն հանդէպ հասարակութեան անդամներուն կողմէ ցուցաբերուած սիրալիր եւ ուշադիր վերաբերումը, նոյնիսկ եթէ տարեցները ծանր հիւանդ վիճակի մէջ են անոնք կը գտնուին ընտանիքներու մէջ եւ կը վայելեն բոլոր հասարակութեան եղբայրներու եւ քոյրերուն աջակցութիւնը:

Սրբազան Հայրը ապա քաջալերեց հասարակութեան անդամները շարունակելու այս ուղին, մարմնացնելով եղբայրական տիպարը՝ տեսանելի գործերու միջոցաւ այն բազմաթիւ միջավայրերու մէջ ուր աւետարանի եղբայրսիրութիւնը զիրենք կը կանչէ, միշտ պահպանելով Հայր Զենոյին հոգին որ կ՝ուզէր թեթեւ եւ էական Նոմատելֆիա հասարակութիւն մը իր կառոյցներուն մէջ:

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին ստացած ջերմ ընդունելութեան համար հաստատելով որ այս հանդիպումը կարճ հանդիպում եղաւ սակայն իրեն համար յոյժ յուզումնալից եւ իմաստալից հանդիպում մըն է: Ան ապա հրաւիրեց բոլորը աղօթել Հայր մեր Տէրունական աղօթք որմէ ետք բոլորին շնորհեց առաքելական օրհնութիւնը հայցելով իւրաքանչիւրին համար Սուրբ Հոգիին զօրութիւն ու ճրագը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 09:50