Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Լոփիանոյի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Լոփիանոյի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Ֆոքոլարինի հասարակութեան տուած այցելութիւնը։

«Լոփիանոն բաց քաղաք է՝ դէպի դուրս քաղաք է»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Նոմատելֆիայի հասարակութեան հետ ունեցած հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով ուղղուեցաւ  Լոփիանօ, ուր ժամանեց առաւօտեան 10-ին, այնտեղ եւս դիմաւորուելով տեղւոյն եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Մարիօ Մէյինի եւ Ֆոքոլարինի շարժումի նախագահ Տիկ Մարիա Վոչէի կողմէ։

«Maria Theotokos» Սրբավայրին մէջ պահ մը անփոփուելէ ետք Սրբազան Քահանայապետը Սրբավայրին մէջ հանդիպում ունեցաւ Ֆոքոլարինի հասարակութեան անդամներուն հետ, որուն սկիզբը հասարակութեան նախագահ Մարիա Վոչէ, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Նորին Սրբութեան ապա հասարակութեան անդամներէն երեք հոգի համապատասխան հարցումներ ուղղեցին Ֆրանչիկսոս Պապին։

Ունկնդրէ լուրը

Հանդիպման ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Քահանայապետը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վերապահուած հիւրընկալութեան համար, եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց մէջ գտնուելուն համար, «Այս փոքրիկ քաղաք Լոփիանոյի մէջ, որ աշխարհածանօթ է՝ որովհետեւ ծնունդ առաւ Աւետարանէն եւ Աւետարանով  է որ կ՛ուզէ սնանիլ», ըսաւ Սրբազան Պապը աւելեցնելով թէ  «Լոփիանոյի մէջ ամէն ոք ինքզինք կը զգայ իր տան մէջ», ապա  խնդակցութիւն արտայայտեց առիթ ունենալու զրուցելու շարժումի անդամներուն հետ, ի միտ ունենալով միշտ աւելիով յստակ դարձնել, Լոփիանոյի ծրագիրը ի ծառայութիւն՝ վկայութեան նոր փուլի մը, ու Յիսուսի Աւետարանի հռչակումին, Սուրբ Հոգիի ներշնչումով, համաձայն Աստուծոյ կամքին»։

Սրբազան Պապը ապա պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն որոնցմէ առաջինը կը հայէր այն իրականութեան թէ հասարակութիւնը այսօր կ՛ապրի  նոր շրջան մը, ուր վերջ գտաւ սկզբնական շրջանի «առաջին սիրոյ» գորովը ու կը գտնուի նոր ուղիներ որոնելու դժուարութեան դիմաց, ի տես նաեւ ժամանակներու յեղաշրջումին։

Քահանայապետը շնորհակալութիւն յայտնելով հասարակութեան անդամներուն 50 տարիներէ աւելի մատուցած ծառայութեան համար, մէջբերեց Պօղոս Առաքելի Հրեաներուն ուղղած նամակէն սոյն խօսքը «Ուրեմն վերյիշեցէ՛ք նախկին օրերը, երբ՝ լուսաւորուելէ ետք՝ տոկացիք չարչարանքներու մեծ մարտի մը…. Որովհետեւ իմ կապերուս մէջ ինծի՝՝ կարեկցեցաք, եւ ձեր ինչքին յափշտակուիլը ընդունեցիք ուրախութեամբ, գիտնալով թէ ձեզի համար լաւագոյն ու մնայուն ինչքեր ունիք երկինքը: Ուրեմն մի՛ լքէք ձեր համարձակութիւնը, որ ունի մեծ վարձատրութիւն: Որովհետեւ համբերութիւն պէտք է ձեզի, որպէսզի ստանաք խոստումը՝ գործադրած ըլլալով Աստուծոյ կամքը»:

Նորին Սրբութիւնը ապա շեշտը դրաւ երկու բառերու վրայ «parresia» -այսինքն անկեղծութեամբ ճշմարտութիւնը ըսելու իրաւունք-պարտականութիւն - եւ «hypomoné»  - նպատակին հասնելու հաստատակամութիւն-  ու հաստատեց թէ առաջին բառը կը խորհրդանշէ Քրիստոնէական կեանքի հիմնական որակը՝  ունենալ  սիրտ մը, մղուած դէպի Աստուած, հաւատալ Անոր սիրոյն, որովհետեւ այդ սէրը կը խորտակէ որեւէ սուտ վախ, որեւէ փորձութիւն ու կեղծաւորութիւն» ու թէ այս մէկը կարելի է Սուրբ Հոգւոյն օգնութեամբ, որուն դիմելու են նաեւ հասարակութեան անդամները։

Մինչ երկրորդ բառը «hypomoné» որ կարելի է թարգմանել նաեւ  որպէս  կայունութիւն յառաջ տանելու համար Աստուծոյ կամքը, հակառակ կեանքի բոլոր դժուարութիւններուն ու հակառակութիւններուն, այն գիտակցութեամբ թէ այդ հաստատակամութիւնը ու այդ համբերութիւնը կարող են արտադրել յոյսը, յոյս որ երբեք յուսախաբ չի թողուր, ինչպէս կ՛ըսէ Սուրբ Պօղոսը, որ հրաւէր կ՛ուղղէ  «վերյիշել նախկին օրերը» այսինքն վերակենդանացնել սրտերուն ու մտքերուն մէջ այն փորձառութեան ճրագը որտեղէն ամէն ինչ սկիզբ առաւ» ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը ու ակնարկեց հասարակութեան հիմնադիր Քիարա Լուպիխի փորձառութեան ու կոչումին, ինչպէս նաեւ անոր յղացած գաղափարին, հիմնելու նոր քաղաք մը՝ Աւետարանի հոգիով։ Քաղաք՝ ուր ամէնէն առաջ փայլի Աստուծոյ Ժողովուրդին գեղեցկութիւնը, անոր անդամներու հարստութիւններու ու կոչումներու, ընկերային եւ մշակութային արտայայտութիւններու տարբերութիւններու  հանդերձ, ուր ամէն մին ըլլայ բոլորին ծառայութեան տակ ու բոլորին հետ երկախօսութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Լոփիանոյի մէջ

Քաղաք մը՝ որուն սիրտը ըլլայ Հաղորդութիւնը որ է միութեան ու մշտական նոր կեանքի ակնաղբիւր, բաց եւ նեռարող, իր հողային աշխատանքներու, արդիւնաբերական գործունէութեան, իր կազմաւորումի դպրոցներով, հիւրերու եւ տարեցներու յատկացուած բնակարաններով, գեղարուեստական արհեստանոցներով, երաժշտական համալիրով, ժամանակակից լրատուամիջոցներով…. «Ընտանիք մը՝ որուն մէջ բոլորը իրենց զիրենք ճանչնան որպէս Միակ Հօր զաւակներ, յանձնառու՝ ապրելու իրար միջեւ եւ միւսներու նկատմամբ  փոխադարձ սիրոյ պատուիրանի հիման վրայ»,ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ու շեշտեց միութեան շնորհապարգեւի կարեւորութիւնը. «միասին քալել որպէս մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի»։

Ասոր համար է որ Յիսուս աղօթեց Հօր ըսելով «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան ինչպէս ես եւ դուն մի ենք». Ու մեզի ցոյց տուաւ անձնանուիրումի ճանապարհը, մինչեւ խաչի նուաստացումը։  Իր այս արարքով Յիսուս ոչ միայն փրկութիւն շնորհեց անհատին, այլեւ ընկերային յարաբերութիւններուն, ու հարկ է որ  անոր մեզի պարգեւած օրինակը ապրինք գործնականին մէջ ու քաջութեամբ, զանազան մակարդակներու վրայ ըլլան անոնք ընկերային, մշակութային, քաղաքական կամ տնտեսական…մարդոց քաղաքին տալով նոր դիմագիծ մը՝ Աստուծոյ սիրոյն ծրագրին համաձայն - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու հաստատեց. «Լոփիանոն կանչուած է այս ըլլալու։ Ահա այստեղէն է որ պէտք է վերսկսիլ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու պատասխանեց երկրորդ հարցումին, այս անգամ հայող կազմաւորուի ու դաստիարակութեան կարեւորութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ «Աստուծոյ Ժողովուրդին դպրոցին մէջ՝ առաջնորդն ու դաստիարակն է մեր Միակ Վարդապետը (Մատթ 23,10), եւ ասկէ մեկնելով շեշտը դրաւ կազմաւորումի կարեւորութեան վրայ, որոնք Լոփիանոյի մէջ ծնունդ առին «միութեան խարիզմէն» ըսաւ Ան, ու նշեց կազմաւորումի զանազան ասպարէզները. հոգեւոր, աշխատանքային, քաղաքական, երկխօսութեան կազմաւորում՝ անոր տարբեր երեւոյթներով, ըլլան անոնք համամիութենական կամ միջկրօնական,  ըլլայ տարբեր  համոզումներ ունեցող անձերուն հետ, ապա եկեղեցական ու մշակութային կազմաւորում...  ու բոլորը ի ծառայութիւն բոլորին։

«Լոփիանոն բաց քաղաք է՝ դէպի դուրս քաղաք է» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու գնահատեց այդ քաղաքի մէջ գոյութիւն ունեցող կազմաւորումի զանազան կեդրոնները, խրատելով այդ կազմաւորումը վերապահել յատկապէս մանուկներուն, երիտասարդներուն ու ընտանիքներուն եւ ընդգծեց երեք բարբառներու կարեւորութիւնը՝ միտք, սիրտ եւ ձեռքեր։

«Հարկաւոր է լաւ մտածել, լաւապէս մտիկ ընել ու լաւապէս գործել» ըսաւ Սրբազան Պապը յորդորելով այդ փորձառութիւնը դնել նաեւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան բարեկարգումի գործընթացի ծառայութեան տակ, ինչպէս նաեւ ի ծառայութիւն համայն մարդկութեան։ «Յառաջ, Յառաջ ընթացէք»  ըսաւ Սրբազան Պապը ու պատասխանեց վերջին հարցումին,  հայող նոր աւետարանութեան ծիրէն ներս Լոփիանոյի առաքելութեան, հրաւիրելով ներկաները իրենց հայեացքը ուղղել դէպի հորիզոնները, ու դարձեալ գնահատելէ ետք հասարակութեան 50 տարուայ գործունէութիւնը ի ծառայութիւն Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ,  ակնարկեց աշխարհը յուզող մարտահրաւէրներուն ու աշխարհի մէջ արագընթաց փոփոխութիւններուն, այս ծիրէն ներս մատնանշելով այն հրամայականին՝ կառուցելու հանդիպման բաժնեկցուած մշակոյթ մը, ու  դաշինքի համաշխարհայնացած քաղաքակրթութիւն մը, «նման ծիածանի մը որուն մէջ յայտնուի Աստուծոյ սիրոյ սպիտակ լոյսը»  ըսաւ Քահանայապետը, հաստատելով թէ այսօրուան մարտահրաւէրը կը կայանայ «ստեղծագործ հաւատարմութիւն» ունենալու մէջ, այսինքն հաւատարիմ մնալ սկզբնական ներշնչումին ու բաց ըլլալ Սուրբ Հոգիի շունչին, համարձակութեամբ ստացնելով նոր ուղիներ, զոր Ինք ու միայն Ինք կարող է թելադրել։

«Սուրբ Հոգիի ձայնը լսելու համար հարկաւոր է սակայն հասարակական զատորոշումը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը այս ուղղութեամբ յորդորելով մտիկ ընել միշտ Աստուծոյ ձայնին։

«Բոլորս արդարեւ կանչուած ենք դառնալու հասարակական զատորոշումի արհեստաւորներ, այս է ճանապարհը որուն միջոցաւ նաեւ Լոփիանոն կարող է յայտնաբերել Աստուծոյ ուղին, ի ծառայութիւն եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան» յարեց  Ֆրանչիսկոս Պապ որ երկարաշունջ ճառին աւարտին  ակնարկելով Մարիամին նուիրուած սրբավայրին, ուր տեղի կ՛ունենար հանդիումը, նշեց թէ Պօղոս Զ քահանայապետը 21 նոյեմբեր 1964-ին, Սուրբ Կոյս Մարիամը հռչակած էր Եկեղեցւոյ Մայր ու թէ ինք այս տարի հաստատած էր անոր ծիսական տօնը, որ պիտի տօնախմբուի յառաջիկայ 21 մայիսին, Պենտեկոստէին յաջորդող երկուշաբթի օր։

«Մարիամ Յիսուսին Մայրն է ու Անոր միջոցաւ մեր բոլորիս Մայրն է ու Մայր է միութեան» ըսաւ Քահանայապետը հրաւիրելով բոլոր ներկաները իրենք զիրենք դնելու Մարիամի դպրոցին մէջ, Յիսուսը աւելի լաւ ճանչնալու համար եւ ապրելու համար Յիսուսին հետ ու Յիսուսով՝ որ ներկայ է մեզմէ իւրաքանչիւրիս մէջ ու մեր մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտելով իր խօսքը ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Հարց պատասխանի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն վերադարձ կատարեց Վատիկան ուր ժամանեց 12.35-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/05/2018, 13:17