Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պուտիսթ կրօնաւորներուն պատուիրակութիւն մը

Նորին Սրբութիւնը մաղթանք յայտնեց որ ամրապնդուին Կաթողիկէներու եւ Պուտիսթներու միջեւ կապերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի,16 մայիս 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ-ի անուան փոքրիկ դահլիճին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց 54 անդամներէ բաղկացած Թայլանտի Պուտիստթ կրօնաւորներու պատուիրակութիւն մը։

Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ընծայուած թանկարժէք նուէրին համար, որ է Wat Pho Տաճարի սուրբ գիրքին ժամանակից լեզուի կրօնաւորներուն կողմէ թարգմանուած տարբերակը, զայն համարելով Պուտիսթ կրօնաւորներուն վեհանձնութեան եւ բարեկամութեան տեսանելի նշան՝ հաստատուած տարիներ ի վեր, ուղի մը իրագործուած փոքր քայլերէ: Ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա յիշեց Վատիկանի մէջ կայացած Երանելի Պօղոս Զ Պապի եւ յարգելի Somdej Phra Wanaratanaո-ի միջեւ հանդիպումը, որուն դիմանկարի գծագրութիւնը ցուցադրուած է Քահանայապետական միջ-կրօնային երկխօսութեան խորհուրդի գրասենեակին մուտքին եւ որուն այս օրերուն Պուստիթ կրօնաւորները առիթը ունեցան այցելելու:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր սրտագին փափաքը յայտնեց Պուտիսթներուն եւ կաթողիկէներուն միջեւ կապերու ամրապնդման համար, մաղթելով որ փոխճանաչումի զարգացումով եւ երկու կրօններու հոգեւոր աւանդութիւններու յարգանքով այդ կապերը աշխարհին մէջ ըլլան՝ արդարութեան, խաղաղութեան, մարդկային արժանապատուութեան պաշտպանութեան արժէքներուն վկաները:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց վերանորոգելով իր երախտագիտութիւնը սոյն հանդիպումին համար եւ հայցելով Աստուածային ուրախութեան եւ անդորրութեան օրհնութիւնները բոլորին համար:



Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/05/2018, 11:58